ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ նորընտիր ծխական խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Էրկիւն Վարդգէս Այըքի։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց այցելուներն ու շնորհաւորեց անոնց ընտրութիւնը։ Նորընտիր վարչայինները շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ նշեցին, որ ընտրութենէն ետք ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։ Անոնք յետվաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութեան փութացած էին Պատրիարքարան՝ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքն ու օրհնութիւնը ստանալու համար։
Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական օրհնութիւնը տուաւ ծխական խորհուրդին ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։