ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ
Մայրենի լեզուի համաշխարհային օրուան առթիւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ փայլուն հանդէս մը։ Սա խորքին մէջ միջվարժարանային ձեռնարկ մըն էր՝ քանի համայնքային այլ դպրոցներէ սաներ եւ կրթական մշակներ ալ մասնակցութիւն բերին՝ Օրթագիւղի ընտանիքի պատասխանատուներուն առընթեր։
Յայտագիրը գործադրուեցաւ դպրոցի ուսուցչուհիներէն Դալար Քէօսէօղլու-Չիյտեմի հանդիսավարութեամբ։ Վարժարանի սաները հանդիսութեան ընթացքին ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։ Ծրագիրը կ՚ընդգրկէր նաեւ երաժշտական բաժին մը, որու ընթացքին ներկաները իրենց կատարումներով հմայեցին պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեան, սոփրանօ Տիանա Յարութիւնեան եւ դաշնակահարուհի Մարգարիտ Սարգսեան, որոնք Երեւանէն հիւրաբար քաղաքս կը գտնուին։ Բաց աստի, տղոց հետ հայերէնի ապագային մասին զրուցեց Արփէն Չընար, որ համացանցի վրայ հեղինակութիւն կը դասուի։ Ներկաներուն համար Սիլվա Կոմիկեանի ասմունքներն ալ հաճելի էին առանձնապէս։ Դերասան Արա Մալիքեանն ալ ողջունեց ներկաները։
Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնուհի Տիրուհի Պերինն ալ ելոյթին մէջ հանգամանօրէն անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին։
Հանդէսի աւարտին դպրոցի ճաշարանին մէջ բոլորը իրարու հետ բաժնեցին օրուան խանդավառութիւնն ու տպաւորութիւնները՝ ճաշասեղաններու շուրջ։