Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ՔԷՕԼՆ ՈՒՂԱՐԿԱԾ Է ԴԻՄՈՒՄԻՆ ՊԱՏՃԷՆԸ
Պատրիարքարանի վերաբերեալ խնդիրները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել համայնքին օրակարգը։ Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Քէօլնէն նամակ մը ուղարկած էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին եւ փափաք յայտնած էր՝ ունենալ իր կողմէ ժամադրութիւն ապահովելու համար Եկեղեցական համագումարէն օր մը վերջ կուսակալութեան ուղարկուած դիմումնագիրը։
Երէկ Գումգաբուի աղբիւրներէն փորձեցինք ճշդել, որ այդ դիմումնագրին պատճէնը ընտրեալ-տեղապահին ուղարկուա՞ծ է, թէ ոչ։ Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ժամադրութեան համար կուսակալութեան ուղարկուած նամակին պատճէնը անմիջապէս փոխանցած է Քէօլն, ուր ներկայիս կը գտնուի Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։
Ինչպէս ծանօթ, է Եկեղեցական համագումարէն օր մը վերջ, առաւօտեան ժամերուն իսկ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Պատրիարքարանի անունով դիմում ներկայացուցած էր կուսակալութեան մօտ՝ ապահովելու համար ժամադրութիւն մը, որու նպատակն է պարզաբանումներ խնդրել տեղապահի ընտրութեան փուլին Պատրիարքարան հասած պաշտօնագրի բովանդակութեան շուրջ։
Հարկ է նշել, որ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նամակին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին հարց տուած էր, որ այդ պատճէնը կ՚ուզէր ունենալ եթէ մինչ այդ գրուած էր։ Այսպէսով յաչս Նորին Սրբազնութեան պարագան դարձած է աւելի ստոյգ։