ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ՏՕՆԱԿԱՆ ՍԵՂԱՆ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ երէկ խանդավառ օր մը ապրուեցաւ։ «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ, Ս. Զատկի տօնին առթիւ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը։ Իսկական սիրոյ սեղանի մը մթնոլորտին մէջ անցաւ հաւաքոյթը։ Սեղաններուն շուրջ համախմբուած էին Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ իր ընկերները, բժշկապետ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան, ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքա, տիրամայր Մարի Մութաֆեան, հիւանդանոցի անձնակազմը, բժշկական կազմէն մասնագէտներ, մնայուն բնակիչներ, բարերարներ, ԶԻՊԷՉ-ի աշակերտներուն մայրերը եւ այլ հիւրեր։
Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան օրհնեց սեղանը։ Մնայուն բնակիչներուն համար նախատեսուած այս տօնական ճաշկերոյթին ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պետրոս Շիրինօղլու։ Առաջին հերթին ան բոլորին շնորհաւորութիւններ յղեց Ս. Զատկի տօնին առթիւ։ Աւելի վերջ Պետրոս Շիրինօղլու նշեց, որ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը մնայուն բնակիչներուն նկատմամբ ունի առանձնայատուկ վերաբերմունք։ Անոնք մեր անցեալը ներկային միացնող օղակ մը կը համարուին եւ իւրաքանչիւր մնայուն բնակիչ հոգաբարձութեան մշտական խնամքին եւ գուրգուրանքին, հովանաւորութեան տակ կը գտնուին։
Հաւաքոյթի տեւողութեան սեղաններուն շուրջ ստեղծուեցաւ զուարթ ու անմիջական մթնոլորտ, բոլոր ներկաները մտերմիկ զրոյց ունեցան իրարու հետ։