ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍԷՐ

Թրքահայութիւնը երէկ մեծ խանդավառութեամբ տօնախմբեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը։ Մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ աւանդական շուքով արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեան մասնակցութեամբ։ Մեր հայահոծ թաղերուն առընթեր շէնցան նաեւ հայ բնակչութենէ նօսրացած թաղերու եկեղեցիները։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տօնակատարութիւններուն նախագահեց, տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ օրուան պատգամը տուաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին մասնակից հաւատացեալները տաղաւարի առթիւ Ս. Հաղորդութիւն ստացան ձեռամբ նորին սրբազնութեան։ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ Ս. Զատկի արարողութիւններուն նախագահեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ, ուր մատոյց տաղաւարի Ս. Պատարագը եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Կէսօրուան ժամերը անց վերջ գտան մեր եկեղեցիներու արարողութիւնները, որոնք սիրոյ եւ համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ համախմբեցին մեր համայնքի անդամները, որոնք զիրար շնորհաւորեցին տօնական աւետիսով։

Յետմիջօրէին Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի աւանդական ընդունելութիւն։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ մեր հոգեւորականաց դասը ընդունեցին շնորհաւորութիւնները յանուն Պատրիարքական Աթոռին։ Դժբախտաբար, այս տարի Ս. Զատիկը համընկնեցաւ մարզական ձեռնարկի մը հետ, ինչ որ լրջօրէն խոչընդոտեց մեր համայնքի ներկայացուցիչներու այս աւանդական հաւաքոյթին մասնակցութիւնը։ Արդարեւ, Իսթանպուլի մէջ կար հեծանուայ արշաւ մը, որու պատճառով քաղաքի ամբողջ կեդրոնական հատուածի հիմնական ճանապարհները փակ էին։ Երթեւեկութիւնը գրեթէ անկարելի էր։ Այս պայմաններու ներքեւ, շատեր չկարողացան Գումգաբու հասնիլ, իսկ ժամանողներն ալ ակամայ յապաղեցան։ Յամենայնդէպս, Պէզճեան սրահին մէջ համախմբուեցաւ բաւական ներկայացուցչական խումբ մը։ Օրհնութեան խօսքերով հանդէս եկան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայացուեցաւ Պատրիարքարանի 2018 թուականի հաշուետուութիւնը։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան համայնքային զանազան խնդիրներու շուրջ։ Բոլորին համար ուրախառիթ էր, որ համայնքային հարցերը առաջ քշուեցան բաւական շինիչ մթնոլորտի մը մէջ։ Սա թէ՛ տօնական օրուայ խորհուրդին յարիր էր եւ թէ անշուշտ շատ դրական երեւոյթ մը եղաւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մեկնարկի սեմին։

Գումգաբուի ընդունելութեան եզրափակիչ փուլին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ երանաշնորհ պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի հոգւոյն ի հանգիստ։ «Գովեա Երուսաղէմ» շարականի միաբերան երգեցողութենէն վերջ ներկաները աջահամբոյրի համար մօտեցան ընդհանուր փոխանորդին, որ բոլորին նուիրեց զատկական աւանդական կարմիր հաւկիթներ։

(Ընդունելութեան ընթացքին ծաւալուած խօսակցութիւններու բովանդակութեան պիտի անդրադառնանք մեր վաղուան թիւով)։

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ

Միւս կողմէ, Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայա Ս. Զատկի տաղաւարին առթիւ երէկ հեռաձայնով կապ հաստատեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Գումգաբուի ընդունելութեան ընթացքին նորին սրբազնութիւնը տեղեկացուց, որ կուսակալ Եէրլիքայա տօնական շնորհաւորութիւններ փոխանցած է մեր ամբողջ համայնքին համար։ Հարկ է նշել, որ քրիստոնեայ աշխարհի Ս. Զատկուան տօնին առթիւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ հրապարակած է մասնաւոր պատգամ մը, որ ներկայացուած է մեր յարակից սիւնակներուն մէջ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2019