ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին ընդունեց Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլը, որ վերջին ամիսներուն առողջական խնդիրներ դիմագրաւած էր։ Տիգրան Կիւլմէզկիլ ակամայ բացակայած էր նաեւ Ս. Զատկի աւանդական ընդունելութենէն։ Ան այս բոլորէն վերջ փափաքած էր Նորին Ամենապատուութեան ներկայանալ եւ ստանալ իր օրհնութիւնը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց Տիգրան Կիւլմէզկիլի այցելութեան առթիւ եւ կրկնեց իր կատարեալ առողջութեան մաղթանքը։ Ան ողջունելի նկատեց, որ Կիւլմէզկիլ առաքելութեան գլուխը վերադարձած է՝ իր առողջութիւնը վերագտած ըլլալով։

Հուսկ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը յաջողութիւն մաղթեց Կիւլմէզկիլի ապագայ գործունէութեան համար։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024