ԶԻՊԷՉ-Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹՆԵՐՈՒ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
ԶԻՊԷՉ-ի վարչութիւնը եւ մասնագիտական անձնակազմը կը ձգտին խորացնել մեր վարժարաններու կրթական մշակներուն հետ իրենց համագործակցութիւնը՝ որպէսզի յատուկ խնամքի կարօտ աշակերտներու պարագային կատարուին աւելի գիտակից կարգադրութիւններ։ ԶԻՊԷՉ-ի կողմէ ներկայիս ի գործ դրուած է դպրոցներու աջակցութեան ուղղեալ կրթական ծրագիր մը, որուն շրջագծով կառոյցի կեդրոնէն ներս երէկ հիւրընկալուեցան համայնքային վարժարաններէն դասարանի ուսուցիչներ կամ ուղեցոյց ուսուցիչներ։ Մասնագիտական անձնակազմը Շաբաթ եւ Երկուշաբթի օրերը յատուկ դասընթացքի մը ձեւաչափին մէջ կը նախատեսէ մէկտեղուիլ մեր վարժարաններու կրթական մշակներուն հետ։ Յառաջիկայ աշնան ալ ԶԻՊԷՉ-ի մասնագէտները կը նախատեսեն մէկտեղուիլ այն ծնողներուն հետ, որոնց զաւակները կը յաճախեն թրքահայ վարժարան մը եւ յատուկ խնամքի կարիք ունին։
Երէկուան հաւաքոյթին ընթացքին կրթական մշակներուն ներկայացան այս ծրագիրը մշակած խումբին անդամները՝ ԶԻՊԷՉ-ի վարչութեան ատենապետ Տիգրան Տիւլկերեան, ընդհանուր համակարգող Կիւլֆիտան Էօվիւչ, հոգեբան Ահու Սաղլամ, հոգեբան Ռաֆֆի Պալըքճը, հոգեբան Տիլպէր Քաչար Քիւթիւքճիւ, մանկավարժ Էսրա Կիւնէյ եւ նէօրոլոկ Սինան Չոմու։
Այս խումբի անդամները մանրամասն բացատրութիւններ տուին իսթանպուլահայ վարժարաններու կրթական մշակներուն, նաեւ պատասխանեցին անոնց հարցումներուն։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024