ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Գումգաբուի ընտանիքը Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կազմակերպուած շրջանաւարտութեան հանդէսով մը հրաժեշտ տուաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի այս տարուայ հունձքին։ Հանդէսի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, ինչպէս նաեւ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր գործակից ընկերները։ Վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Նայիր, ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ հիւրեր մասնակցութիւն բերին այս խանդավառ ձեռնարկին, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Հերա Արսլանի եւ Ամուր Շիրինի։ Յայտագրի տեւողութեան տղաքը հանդէս եկան զանազան ելոյթներով՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ եզրափակիչ փուլին տուաւ իր յորդորներն ու օրհնութիւնները։

Վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխումէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը՝ մինչ շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած էր նաեւ կարկանդակ մը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2022