ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեանը։ Հրաժեշտի հանդիպում մըն էր այս մէկը, որովհետեւ շուրջ քառամեայ պաշտօնավարութենէ վերջ Նաղաշ Յակոբեան աւարտելու վրայ է իր դիւանագիտական առաքելութիւնը քաղաքիս մէջ։ Ուստի, այս փուլին ան առ ի քաղաքավարութիւն ներկայացաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանին ծաւալուած համագործակցութեան եւ համատեղ աշխատանքին համար։
Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին գնահատեց Նաղաշ Յակոբեանի կողմէ քաղաքիս մէջ տարուած աշխատանքը եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց անոր ապագայ դիւանագիտական գործունէութեան համար։
Հանդիպման աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը Նաղաշ Յակոբեանին նուիրեց նաեւ իր հեղինակած «Երկու ուխտաւոր» գիրքէն օրինակ մը։