ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «ԱՐԻՆ ԲԵՐԴ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԵԼՈՅԹ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Հայաստանէն «Արին բերդ» պարախումբը երէկ երեկոյեան խանդավառ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Գնալը կղզիի մէջ։ «Թէոս» ճաշարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր «Մեր պարերը եւ մենք»ի նախաձեռնութեամբ։ Հայաստանէն հիւրաբար քաղաքս ժամանած այս համոյթին ելոյթը իսկապէս խանդավառ պահեր պարգեւեց հանդիսատեսներուն։ Ծրագրին իրենց աջակցութիւնը բերած էին նաեւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութիւնը, Կղզեաց քաղաքապետութիւնը, Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը եւ Արամեան սանուց միութեան վարչութիւնը։ «Արին բերդ»ը ժողովրդական պարերու խնջոյք մը սարքեց մեր կղզեբնակ գեղարուեստասէրներուն համար, որոնց պարգեւեց անմոռանալի պահեր։

Երեկոյթը պատուեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էին Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Շիշլիի քաղաքապետարանէն Սելինա Տողան։ Ձեռնարկը սկսաւ Նարօտ Կիւլէչի ողջոյնի խօսքով։ «Արին բերդ» խումբի ելոյթը տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ։ Գեղարուեստական ղեկավարներն էին՝ Սոֆիա Միքայէլեան եւ Արթուր Տօնոյեան։

Ձեռնարկի աւարտին հանդիսատեսները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին համոյթը։ Մինչ այդ, համոյթի գեղարուեստական ղեկավարները՝ Սոֆիա Միքայէլեան եւ Արթուր Տօնոյեան յանձնեցին «Աւանդական» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Յակոբ Արի Կիւլէչի Հայաստանէն ուղարկուած վկայականը։ Սա Յակոբ Արի Կիւլէչի տեսակէտէ խորապէս նշանակալից եւ զգացական պահ մըն էր։ Ան երկար տարիներէ ի վեր ժողովրդական պարերու կալուածին մէջ աշխատանք կը տանի եւ վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ կատարելագործած էր իր գիտելիքները։ Ուրեմն ան երէկուան խանդավառ ու հանդիսաւոր մթնոլորտին մէջ ստացաւ իր վկայականը։

Ձեռնարկի աւարտին յանձնուեցան համոյթի անդամներուն համար պատրաստուած յուշանուէրները։ Մինչ այդ, կազմակերպիչներէն Սեւան Աթաօղլու բեմ հրաւիրեց բոլոր անոնք, որոնք իրենց նպաստը բերած էին երեկոյթի կազմակերպման ուղղութեամբ։ Այդ անուններն էին՝ Շանթ Պոստան, Ստեփան Պալըք, Պետրոս եւ Փենիամին Իւշենմէզ, Արիս Գովան, Յարութիւն Էօզէր, Արի Հերկել եւ Մինաս Օֆլազ։

Երեկոյթը իր աւարտին հասաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հուսկ բանքով։ Նորին սրբազնութիւնն ալ յուշանուէր մը յանձնեց Յակոբ Արի Կիւլէչին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 22, 2019