ՌԱԶՄԻԿ ՃՈՒԼՖԱՅԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Լիբանանահայ հանրածանօթ ու սիրուած երգիչ Ռազմիկ Ճուլֆայեան երէկ այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Մարդասիրական զգացումներով տոգորուն երիտասարդ արուեստագէտը մի քանի օրուան իր այցելութենէն օգտուելով եկած էր Նորին Ամենապատուութեան քաղաքավարական այցելութեամբ։ Ան ըսաւ, թէ արդէն մի քանի օրուան ընթացքին լաւ տպաւորուած է՝ զգալով իսթանպուլահայ կեանքի հոգեւոր ու մշակութային հարստութիւնը։ Համակրելի հիւրը եւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը անդրադարձան Լիբանանի վերջերս կրած ծանր կորուստին եւ զրուցեցին նաեւ ինչ-ինչ հարցերու շուրջ, որոնք մարդկութեան օրակարգը կը զբաղեցնեն։ Անոնք ընդգծեցին նաեւ, թէ նեղ ժամանակներուն իրերօգնութիւնը մարդկային քաղցր պարտականութիւն մըն է։

Շաբաթ, Օգոստոս 22, 2020