ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՍԵՄԻՆ՝ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի, այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ յառաջիկայ Հոկտեմբերի 4-ին պիտի կատարուի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Յաւարտ Ս. Պատարագի պիտի սարքուի սիրոյ սեղան ի նպաստ Սահակեան-Նունեան վարժարանին։ Անոնք շաբաթավերջի սոյն կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց հրաւիրեցին Նորին Սրբազնութիւնը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդառաջեց եղած խնդրանքին։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային Խորհուրդի անդամներուն՝ իրենց գործունէութեանց մէջ։