ԱՅՑ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, ընկերակցութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի, նախընթաց օր այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ՝ Հոգաբարձութեան անդամներու կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ հիւանդանոցի վարչական կեդրոնը։

Այցելութեան ընթացքին Պատրիարք Հայրը առաջին հերթին Ազգային հիւանդանոցի գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ ստացաւ հոգաբարձուներէն։ Զրոյցի տեւողութեան օրակարգի եկաւ վերջերս Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան միջեւ ծնունդ առած կալուածական հարցը։ Նորին Ամենապատուութիւնը լսեց հոգաբարձուներու գաղափարները, ապա իր հայրական յորդորը ուղղեց ներկաներուն եւ փափաք յայտնեց, որ այս հարցը խաղաղ եւ բարւոք ելքի մը հասնի։ Ի միջի այլոց, Պատրիարք Հայրը քորոնաժահրի համավարակի շրջանին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ստանձնած ծառայութեան համար յատուկ գնահատանք յայտնեց։

Հանդիպման աւարտին հոգաբարձութիւնը Նորին Ամենապատուութիւնը պատուեցաւ ճաշկերոյթով մը, որմէ վերջ Պատրիարք Հայրը օրհնեց Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցը եւ յաջողութիւն մաղթեց հոգաբարձութեան անդամներուն՝ իրենց ազգանուէր գործունէութեանց մէջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2020