ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԱՏԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿՆԵՐՈՒ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց քաղաքիս լատին-կաթոլիկներու նորանշանակ վիճակաւոր Հայր Մասսիմիլիանօ Փալինուրոն։ Ներկայիս այս վերջինը պաշտօնամուտի առթիւ քաղաքավարական այցելութիւններ կու տայ քաղաքիս հոգեւոր առաջնորդներուն եւ այս ծիրէն ներս ալ այցելեց Պատրիարքարան։ Հարկ է նշել, որ նորանշանակ վիճակաւորի գահակալութեան արարողութիւնը նախատեսուած է 18 դեկտեմբերին։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց նորանշանակ վիճակաւորը եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց անոր։ Զրոյցի տեւողութեան կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան արդի ժամանակներու հոգեւոր մարտահրաւէրներուն շուրջ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2021