ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալուեցաւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութիւնով դպրոցէն ներս արտասովոր օր մը ապրուեցաւ։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճան եւ անդամներէն՝ Մուրատ Պէրպէրօղլու, Թանէր Էօզէր եւ Մինաս Քարթուն, ինչպէս նաեւ տնօրէն Արմէն Սարուխանեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Տնօրէնութեան սենեակին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը շուրջ ժամ մը տեղեկութիւններ քաղեց դպրոցի այժմու կացութեան եւ անոր գործունէութեան զանազան երեսակներուն շուրջ։ Կարծիքի փոխանակումներ ալ տեղի ունեցան պոլսահայ կրթական կեանքի այժմու հարցերուն կապակցութեամբ։

Կէսօրուան ժամերուն Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը աշակերտութեան հետ մէկտեղուեցաւ դպրոցի ճաշարանէն ներս։ Սեղաններու օրհնութենէն վերջ ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ կէսօրին բոլորը ճաշեցին միասնաբար։ Ապա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դպրոցի համալիրէն ներս շրջայց մը կատարեց։ Նորին Ամենապատուութիւնը պահ մը կանգ առաւ նաեւ Արմաշի Չարխափան Սուրբ Աստուածածին երբեմնի վանքի վանահայրերէն հոգելոյս Պօղոս Արք. Գարագօչի շիրմաքարին մօտ, որ կը գտնուի դպրոցի պարտէզին անկիւնը։ Ան աղօթեց հոգելոյս սրբազան հօր հոգւոյ հանգստութեան համար։

Շրջայցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեսաւ նաեւ յարակից խաղավայրի ընդարձակ վայրը, որ վերջերս Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ պաշտօնապէս Ս. Խաչ դպրեվանքի գործածութեան յանձնուած է։ Նորին Ամենապատուութիւնը վերահասու դարձաւ այդ տարածքի արժեւորման նպատակով մշակուած ծրագրի մանրամասնութիւններուն։

Այցելութեան ամենայատկանշական պահերը եղան՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր սաներու հետ ունեցած մտերմիկ զրոյցները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կանգ առաւ նաեւ շրջանաւարտներու խմբանկարներով զարդարուած պատին մօտ, ուր այս առթիւ վերյիշուեցան երբեմնի երախտաշատ կրթական մշակներն ու վարչայինները։ Նոյն առթիւ երանութեամբ ոգեկոչուեցան Հանրապետական շրջանի մեր այն նախկին պատրիարքները, որոնք իրենց հայրական հովանիին եւ մեծ ջանքերուն առարկայ դարձուցած էին Սուրբ Խաչ դպրեվանքը՝ միշտ թարմացնելով անոր վերաբերեալ տեսլականը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2021