Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ՝ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Թարգմանչաց տօնին առթիւ տեղի ունեցաւ հանդէս մը։ Տղաքը այս յատկանշական տօնը նշեցին իրենց ուսուցիչներու վերահսկողութեան ներքեւ։ Յայտագրի սկիզբին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը եւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Յայտագրի տեւողութեան աշակերտները ունեցան զանազան ելոյթներ։ Արտասանութիւններով, ներկայացումներով, երաժշտական կատարումներով անոնք հերթական անգամ հաղորդ դարձան Հայոց գիրերու գիւտի նշանակութեան։ Բաց աստի, աշխատանոցներու ձեւաչափով ալ գործունէութիւն ծաւալուեցաւ տատեանցի սաներուն կողմէ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2021