ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՐԺՄԱՆ ԱՆՑԱԾ Է «500 ԾԻԾՂՈՒՆ ԱՉՔ» ԾՐԱԳՐԻՆ ՀԱՄԱՐ

Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թիւ­նը այս տա­րի եւս նա­խա­ձեռ­նած է «500 ծիծ­ղուն աչք» ծրագրին՝ Ա­մա­նո­րի ըն­դա­ռաջ։ Թէ՛ վար­չու­թիւ­նը եւ թէ այս ծրագ­րին կա­մա­ւոր­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը այս տա­րի եւս բուռն նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած են՝ Նոր տա­րուոյ տօ­նա­կան շրջա­նին ու­րա­խու­թիւն պար­գե­ւե­լու հա­մար մեր հա­մայն­քի փոք­րիկ­նե­րուն։ Այս տա­րի հա­մայն­քա­յին վեց վար­ժա­րան­ներ ընդգր­կուած են այս ծրագ­րին մէջ, որ­պէս­զի Կա­ղանդ պա­պու­կը ա­նոնց սա­նե­րուն նուէր­ներ պար­գե­ւէ մօ­տա­լուտ տօ­նա­կան շրջա­նին։ Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան մէջ ար­դէն յար­դա­րուած է ա­ւան­դա­կան տօ­նա­ծա­ռը, ո­րուն վրայ ա­շա­կերտ­նե­րը ա­մէն տա­րի կը տե­ղադ­րեն Կա­ղանդ պա­պու­կին հաս­ցէագ­րուած ի­րենց փա­փաք-նա­մակ­նե­րը։

«500 ծիծ­ղուն աչք» նա­խագ­ծին մէջ ընդգր­կուած վար­ժա­րան­ներն են՝ Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նը, Գալ­ֆաեան Տու­նը, Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նը, Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» դպրո­ցը, Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նը եւ Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2016