ՍԻԼՎԱ ՏԱՄԱՏԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

Գալ­ֆաեան Տան հիմ­նադ­րու­թեան 150-ա­մեա­կին ձօ­նուած շա­բա­թա­վեր­ջի յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին Գում­գա­բուի «Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ հաս­տա­տու­թեան սա­նե­րէն երէց­կին Սիլ­վա Տա­մա­տեան։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք իր խօս­քը։

Բարձ­րաշ­նորհ Սրբա­զան Հայր եւ յար­գար­ժան սե­ղա­նա­կից­ներ,

«Մեծ ես դու, Տէր, եւ առ­նես սքան­չե­լիս եւ Դու միայն ես Աս­տուած» (Սաղ­մոսք 85/86:10)։ Սաղ­մո­սաց գրքի այս հա­մա­րով ճամ­բայ ե­լած Սրբու­հի Մայ­րա­պետ Գալ­ֆաեա­նի օրհ­նեալ առա­քե­լու­թիւ­նը ու­րախ ենք, որ հա­սած է 150-ա­մեա­կի հանգ­րուա­նին։ Աս­տու­ծոյ ա­պա­ւի­նե­լով, հա­ւատ­քով, յոյ­սով եւ սի­րով ծլած գթու­թեան եւ կրթու­թեան, հա­ւատ­քի եւ սի­րոյ եւ յոյ­սի այս յար­կը Գալ­ֆաեա­նի ուխ­տեալ միա­բան­նե­րուն ջան­քե­րով եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի բա­րե­րա­րութեամբ, այ­սօր կը ներ­կա­յա­նայ երկն­քի թռչուն­նե­րը իր հո­վա­նիին տակ հա­ւա­քող մա­նա­նե­խի բոյ­սին օ­րի­նա­կո­վը, որ յա­ռաջ կու գայ բո­լոր սեր­մե­րուն փոք­րա­գոյ­նին ծիլ ար­ձա­կու­մո­վը (Մար­կոս 3:32)։ Ճիշդ 150 տա­րի մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գայ մայ­րե­րը ե­կան հա­ւա­քուե­ցան ու բնա­կե­ցան այս հաս­տա­տու­թեան հո­վա­նիին տակ։

Մեր ժո­ղո­վուր­դի գի­տա­կից եւ հա­ւա­տա­ցեալ տար­րին հա­մար քրիս­տո­նէա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն է կի­սել դժբախ­տին ցա­ւը։ Պոլ­սա­հայ ժո­ղո­վուր­դը այս ա­ռու­մով որ­բախ­նամ գոր­ծու­նէու­թի­ւը նկա­տած է հա­մայն­քա­յին կա­րե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թիւն մը։ Պոլ­սե­ցին գո­վե­լի կե­ցուած­քով «որ­բա­նոց»նե­րը կո­չած է «տուն», միա­վանկ բառ մը, ո­րուն մէջ կը խտա­նայ ըն­տա­նե­կան յար­կի ջեր­մու­թիւ­նը։ Գալ­ֆաեան Տու­նը եւս ե­կած է միա­նալ նուի­րա­կան յար­կե­րու փա­ղան­գին։ Հե­տե­ւա­բար ա­նոնք, ո­րոնք վա­յե­լած են այս տան ասպն­ջա­կա­նու­թիւ­նը, միշտ վկա­յած են եւ կը շա­րու­նա­կեն եւ վստա­հա­բար ա­պա­գա­յին ալ պի­տի շա­րու­նա­կեն վկա­յել, թէ այս նուի­րա­կան յար­կին ներ­քեւ կը տի­րէր մար­դա­սի­րա­կան եւ օ­ժան­դա­կու­թեան վսեմ գա­ղա­փա­րա­կա­նով օժ­տուած, զո­հուած, ա­մէն նե­ղու­թեանց դի­մադ­րող նուի­րեալ ան­ձե­րու ներ­կա­յու­թի­ւը։

Պա­րա­գա­նե­րու բեր­մամբ, մօրս՝ Մաք­րու­հիի եւ քրոջս՝ Ասա­նէ­թի հետ ոտք դրի Գալ­ֆաեան Տան սուրբ յար­կէն ներս։ Բո­լորս վա­յե­լե­ցինք միա­բա­նու­թեան ան­դամ­նե­րուն ասպն­ջա­կա­նու­թիւ­նը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ հո­գե­լոյս Մայր Մա­րիամ Քէօ­սէեա­նի։ Խաս­գիւ­ղի բար­ձուն­քին Գալ­ֆաեան Տու­նը մե­զի հա­մար վե­րա­ծուե­ցաւ հա­րա­զատ բոյ­նի մը։

Միա­բա­նու­թիւ­նը՝ ըն­տա­նիք, վար­ժա­րա­նը՝ գի­տու­թեան տա­ճար, մա­տու­ռը՝ ա­ղօթ­քի տուն։ Այս ե­րե­քը երբ կողք կող­քի էին, կա­րե­լի՞ բան էր, որ մենք զմեզ օ­տար զգա­յինք։ Կա­րե­լի՞ բան էր, որ չկա­պուէինք այս յար­կին։ Երբ ժա­մա­նա­կը հա­սաւ, յա­կա­մայս բաժ­նուե­ցանք այս սուրբ յար­կէն եւ փո­խադ­րուե­ցանք մեր տու­նը։ Բայց այդ օ­րէն սկսեալ մենք չկորսն­ցու­ցինք մեր կա­պին զօ­րու­թիւ­նը եւ մենք զմեզ միշտ նկա­տե­ցինք ու տե­սանք իբ­րեւ ան­դամ­նե­րը Գալ­ֆաեան մեծ ըն­տա­նի­քին։

Այս պա­հուն կը յի­շեմ հաս­տա­տու­թեան հիմ­նար­կու­թեան դա­րա­դար­ձի հան­դի­սու­թիւ­նը. ա­մե­նա­սի­րե­լի ու ան­զու­գա­կան ե­րա­նաշ­նորհ Շնորհք Պատ­րիարք Հայ­րը, որ մա­տու­ցած էր Ս. Պա­տա­րա­գը եւ նա­խա­գա­հած՝ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թեան, իր շուր­ջը ու­նե­նա­լով Գալ­ֆաեան Ուխ­տի մայրն ու քոյ­րե­րը։ Փառք Աս­տու­ծոյ, որ կ՚ար­ժա­նա­նամ այ­սօր վա­յե­լել իմ սի­րե­լի տանս 150-ա­մեա­կի հան­դի­սու­թիւ­նը։ Վստահ եմ այ­սօր կը հրճուին ի Քրիս­տոս ննջած մայ­րերն ու քոյ­րե­րը, ո­րոնք ե­ղան «Ան­ձինք նուի­րեալք սի­րոյն Քրիս­տո­սի»։ Ա­նոնք ձգե­ցին ըն­տա­նիք եւ ազ­գա­կան­ներ, նուի­րուե­ցան կու­սակ­րօն կեան­քի։ Զա­ւակ­ներ չու­նե­ցան։ Սա­կայն Աս­տուած ի­րենց պար­գե­ւեց բազ­ման­դամ ըն­տա­նիք մը, բա­զում զա­ւակ­ներ, ո­րոնք ի­րենց կեան­քին ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան՝ ո՛ր երկն­քի տակ ալ գտնուին, միշտ փառք կու տան Աս­տու­ծոյ, որ Գալ­ֆաեան Տան մէջ դաս­տիա­րա­կուե­լու ար­ժա­նա­ցած են։

Մե­զի հա­մար ու­րա­խու­թիւն է վա­յե­լել այ­սօր Գալ­ֆաեան Ուխ­տի միակ միա­բա­նին ներ­կա­յու­թիւ­նը յան­ձին՝ Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեա­նի, որ մե­րօ­րեայ ժա­մա­նակ­նե­րուն ժա­ռան­գորդն է Գալ­ֆաեա­նի հա­րուստ ա­ւան­դու­թեան։ Աս­տուած ի­րեն պար­գե­ւէ կա­րո­ղու­թիւն եւ յա­ջո­ղու­թիւն իր տա­րած աշ­խա­տու­թեանց մէջ։

Ի բո­լոր սրտէ կը մաղ­թեմ որ այս նուի­րա­կան Տու­նը մնայ ան­սա­սան եւ շա­րու­նա­կէ իր նուի­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, ի փառս Աս­տու­ծոյ եւ ի շի­նու­թիւն մե­րազն օ­րիոր­դաց։

Սէր եւ յար­գանք ձեր բո­լո­րին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2016