ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց խնամակալութեան անդամուհիները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Զրոյցի տեւողութեան նորին սրբազնութիւնը տեղեկութիւններ քաղեց եկեղեցիէն ներս ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։ Ան ուրախութեամբ վերահասու դարձաւ, թէ ամէն Ուրբաթ կանոնաւոր արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան այս եկեղեցւոյ մէջ։ Հոգեւոր հովիւի հսկողութեան ներքեւ եկեղեցիէն ներս տեղի կ՚ունենան նաեւ հոգեւոր զրոյցներ։ Տիկնանց խնամակալութեան անդամուհիները փափաքած էին Պատրիարքարան այցելել յառաջիկայ ամսուան՝ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ։
Տեղապահ սրբազան հայրը օրհնեց Ալթըմէրմէրի մէջ ծաւալուած աշխատանքը եւ փոխանցեց յաջողութեան մաղթանքներ։ (Լուսանկարը՝ Պատրիարքարանէն)