ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ՊՏՈՅՏ

Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը այս տարի եւս Ուսուցչաց օրուան շարժառիթով կազմակերպեց պտոյտ մը։ Աւանդական այս պտոյտի մասնակիցները երէկ առաւօտ իրենց տրամադրուած յատուկ օթօպիւսով մեկնեցան Նաքքաշթեփէի «Պրիճ» ճաշարանը։ Հանգստեան կոչուած կրթական մշակներու առընթեր գործօն դէմքեր ալ կային պտոյտի մասնակիցներու շարքին։ Կազմակերպիչները յատուկ հրաւէր ուղարկած էին նաեւ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի կրթական մշակներուն։

Վոսփորի գեղատեսիլ մթնոլորտին մէջ պտոյտի մասնակից կրթական մշակները ունեցան հաճելի ժամանց։ Անոնց միացած էր նաեւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Ուսուցչաց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Թագուհի Հալաճեան։ Օրուան տեւողութեան կրթական մշակները հաճելի զրոյց ունեցան իրարու միջեւ ու վայելեցին իրարու անմիջականութիւնը։

Կրթական մշակներու ճամբորդած օթօպիւսները տրամադրուած էին Շիշլիի եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետարաններուն կողմէ։

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան մաս կը կազմեն՝ Թագուհի Հալաճեան, Եւգինէ Ինճիտիւզէն, Մատլէն Թորաման, Իւղաբեր Պոյաճեան, Շնորհիկ Զօրվարեան, Նուրհան Էնկին եւ Սեդրակ Էօզսան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2017