ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԲԱՆԱՍԷՐ ԳԷՈՐԳ ԲԱՄՊՈՒՔՃԵԱՆԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԾՐԱԳԻՐ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքի մշակութասէր գործիչներէն Վարդան Պալմումճեանը, Արսէն Գովանը, Թագուհի Մաթաթեանն ու Շուշան Սվասլըօղլուն։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին գոհունակութեամբ վերահասու դարձանք, թէ Մխիթարեան եւ Պոմոնթիի Մխիթարեան սանուց միութիւններուն համատեղ նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ շրջանին պիտի ոգեկոչուի անմոռանալի բանասէր Գէորգ Բամպուքճեան։ Սա կարեւոր ծրագիր մըն է, որու թէ՛ մտայղացումը եւ թէ հովանաւորութիւնը կը կատարուի Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի կողմէ։ Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ նախատեսուած ձեռնարկին ժամանակ Գէորգ Բամպուքճեանի մասին պիտի արտայայտուի Հայաստանէն յայտնի արեւելագէտ Յասմիկ Ստեփանեան, որ այս առթիւ պիտի գայ քաղաքս։ Մեր համայնքէն բերուելիք վկայութիւններուն առընթեր, յայտագրին մասնակցութիւն պիտի բերեն հրատարակիչ Օսման Քէօքէր եւ կրթական մշակ Սապրի Քոզ։ Կը նախատեսուի նաեւ երաժշտական յայտագրի գործադրութիւնը։

Գէորգ Բամպուքճեան երկար տարիներ իր ծաւալած աշխատանքով կարեւոր նպաստ մը բերած է մեր համայնքի հաւաքական յիշողութեան։ Ան եղած է նաեւ Պատրիարքարանի դիւանապետ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22, 2019