ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԱՂԱՔԻԱ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՕՐՄԱՆԵԱՆԻ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան՝ Հոգշ. Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան դիմատետրի իր էջին վրայ ունէր կարեւոր յիշեցում մը. «1918 թ. նոյեմբերի 19-ին իր մահկանացուն կնքեց ազգային-եկեղեցական նշանաւոր գործիչ Մաղաքիա արք. Օրմանեանը՝ աստուածաբան, հայագէտ, հասարակական գործիչ եւ եզակի հոգեւորական, որուն կեանքը համակ նուիրում էր Հայոց Եկեղեցւոյ եւ մեր ազգին։ Ան անգերազանցելի եկեղեցական է իր թողած մտաւոր ժառանգութեամբ. ցայսօր արդիական են իր կոթողային «Ազգապատում», «Հայոց Եկեղեցին», «Ծիսական բառարան», «Համապատում» եւ այլ աշխատութիւնները։ Միեւնոյն ժամանակ անտիպ է իր հարուստ նամականին»։

Հոգեշնորհ հայր սուրբի այս յիշեցումը առիթ ընծայեց, որ մեր նուաստին աշխատասիրած «Գատըգիւղի Յուշամատեան»էն քաղելով անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն հոգեւորականին Գատըգիւղի մէջ անցուցած իր կեանքի վերջին օրերու նկարագրութեան  մասին։

Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ կ՚աւանդէ, 6/19 նոյեմբեր 1918-ին, Գատըգիւղի մէջ, ուր կը վայելէր Ներսէս Օհանեանի ասպնջականութիւնը։

Մեծանուն Պատրիարքը իր կեանքին վերջին քարոզը խօսած է Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ։ Տարագրութենէ վերադառնալով Հայտարփաշա հասած խեղճ ժողովուրդին օժանդակելու առաքելութեամբ օժանդակ մասնախումբի մը կազմութեան նպատակաւ կու գայ Գատըգիւղ։ Ուրբաթ եւ շաբաթ կը զբաղի մասնախումբի կազմութեամբ։ Կիրակի օրը Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ կը նախագահէ արարողութեան եւ կը քարոզէ իր աթոռին վրայէն։ Եւփիմէ Աւետիսեան կը նկարագրէ երանաշնորհ Պատրիարքին վերջին քարոզի տպաւորութիւնները1։

«Գունատ էր ան. մեղրամոմի գունատութեամբ եւ յոգնած։ ... Աւա՜ղ. այլեւս չէր այն ոգեւորիչը,  այն համակ կեանք, համակ համոզում ներշնչող կրօնականը, որ լուսաւոր հաւատքին լոյսը կը սրսկէր ժողովուրդին. չէր այլեւս Նարեկացիին հրաթեւ մտքին աշակերտը, որ կը տանէր ամբոխը դէպի խորհրդաւոր մխիթարութիւնը երկնային մթնոլորտներուն։ Խոնջած ծերունի մըն էր, ընկճուած, որ ջանքեր կ՚ընէր իր սպառած կարողութիւնները վերագտնելու. իր հզօր ձայնը անգամ, որ տաճարներուն գմբէթները կը գոռացնէր երբեմն, կարծես թրջած լաթի մը մէջ փաթթուած էր»։

Այլ վկայութիւն մը եւս ունինք տքթ. Վահրամ Թորգոմեանի յուշերուն մէջ2.

«Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ բեմէն կ՚արտասանէր խիստ սրտառուչ քարոզ մը, կոչ կ՚ընէր ժողովուրդին փութալ նպաստից յանձնաժողովին հասցնել օգնութեան առատ գումարներ, որպէսզի մեր ծնողազուրկ, տառապանքի մէջ տուայտող որբ եւ որբուհիները փրկէինք օտարոտի ճիրաններէն։

…Սրբազանը իր այս քարոզը կամ կոչը այնքան յուզումնալից կերպով ու հոծ արցունք թափելով խօսած է եղեր, որ եկեղեցւոյ աւարտումէն անմիջապէս վերջ, սաստիկ սարսուռներ է զգացեր նուաղելով»։

Իր վերջին քարոզէն յետոյ, Ս. Պատարագի աւարտին կ՚արժանանայ ժողովուրդի խանդավառ ցոյցերուն։ Յետմիջօրէին կը նախագահէ տարագրելոց օժանդակութեան մասնախումբի ժողովին։ Նոյն օրը իրեն ի պատիւ կը սարքուի ընթրիքի սեղան։ Երկուշաբթի կէսօրին մօտ իրեն այցելութեան կու գայ Եւփիմէ Աւետիսեան։ Սուրճ խմած պահուն Եւփիմէ Աւետիսեանէ խոստում կ՚առնէ, որ ամէն բան մէկդի ձգելով զբաղէր տարագրեալներու խնդիրով. նաեւ կ՚ըսէ. «Սիրտդ դիր այդ գործին մէջ. գիտեմ որ շատ բանի կարող է կին մը, երբ սիրտ դնէ»։ Կտակի բնոյթ ունեցող այս խօսքերը կը կրեն իր վերջին թելադրութիւնները ըլլալու բնոյթը. յետոյ կը վատթարանայ իր վիճակը։ Իր բժիշկը տքթ. Վահրամ Թորգոմեան կ՚այցելէ, կը քննէ զինքը եւ անյոյս կը գտնէ իր վիճակը։ Հեղինակած կարուձեւի գիրքերով ծանօթ ակնցի Մելքոն Գալէնտէրի որդին՝ Սուրէն3, գրի առած է Մաղաքիա Պատրիարքի վերջին պահերը։ Իրմէ կը տեղեկանանք մեծանուն Պատրիարքի արտասանած վերջին խօսքերը։

Սուրէն Գալէնտէր իր ականատեսի վկայութեամբ եւ դիպուկ տողերով կը ներկայացնէ իր տպաւորութիւնը, մեծանուն Պատրիարք Հօր վերջին վայրկեաններուն4«…Անմիջապէս վազեցինք Օհանեան էֆէնտիի տունը եւ կեցանք ապշահար մահամերձ Սրբազանին սնարին քով։ Շուտով հասան հայ բժիշկերը եւ նկատեցին որ Սրբազանը կաթուած ունեցած էր։ Ան մահուան դէմ կը մաքառէր անօգուտ։ Հարկ եղած բոլոր բժշկական խնամքները տրուեցան եւ նոյն ատեն կանչեցին իր անձնական բժիշկն ալ։ Յանձնարարուեցաւ թթուածին տալ։ Գիշերը ուշ ատեն բաւական դժուար էր թթուածին գտնել մանաւանդ այդ թուականին։ Կարելի չեղաւ գտնել պէտք եղած թթուածին տալու յատուկ գործիքը։ Երիտասարդները յաջողեցան գտնել սակայն հնաձեւ գործիք մը, որուն միջոցաւ մինչեւ առաւօտ մեծ դժուարութեամբ թթուածին տրուեցաւ Սրբազանին, բայց յայտնի էր որ մահը անխուսափելի էր եւ թէ ան երթալով կը կքէր։ Լուսածագին մօտ, երբ Արշաւիր Պէրպէրեան եւ Սուրէն Գալէնտէրեան Սրբազանը իրենց թեւերուն մէջ առած կ՚աշխատէին մաքրել եւ փոխել աղտոտած ճերմակեղէնները, Սրբազանը սթափեցաւ վայրկեան մը, ճանչցաւ իր շուրջինները, ներողութիւն խնդրեց իր տուած ձանձրոյթին համար, եւ հոգեվարքի իր վերջին խօսքերը եղան հետեւեալները. Տղաքս, Հայ մնացէք, պատիւ է Հայ ազգին համար աշխատիլ, եւ որմէ վերջ աչքերը փակեց առ յաւէտ»։

Մաղաքիա Պատրիարք, որ 1914-ի մայիսին Ս. Երուսաղէմ կը գտնուէր, Ա. Համաշխարհային պատերազմի օրերուն կը շարունակէ Ս. Յակոբեանց վանքը բնակիլ։ Երբ Երուսաղէմը անգլիական զօրքերէն կը գրաւուի, Մաղաքիա Պատրիարք Օսմանեան պետութեան հրահանգով կը փոխադրուի Դամասկոս, ուր կը բնակի 6 նոյեմբեր 1917-8 մայիս 1918 թուականներու միջեւ։ Խօսքը կու տանք մեծանուն Պատրիարքին, տեղեկանալու համար իր առողջական վիճակին մասին, երբ Դամասկոս կը գտնուէր. «…Այսօր փետրուար 11/24, երեկոյեան արեւ մտնելէն երեք ժամ ետքը, 77-րդ տարելիցս կը լրանայ եւ 78-րդ տարւոյն կը մտնեմ։ Երեք ամիսէ ի վեր Դամասկոս կը գտնուիմ, եւ վանատան մէկ փոքր սենեակին մէջ առանձնական կեանք կը վարեմ։ …Առողջական վիճակս Դամասկոսի խոնաւ օդէն եւ այս տարուան ձմեռնային բացառիկ ցրտութենէն աննպաստ կերպով ազդուեցաւ. Առաջները իբր ամիս ու կէս փորհարութեամբ նեղուեցայ, եւ վերջերս յունուար 23/5 փետրուարին պարբերական տենդ ալ ունեցայ. եւ տակաւին ապաքինման վիճակի զգուշաւորութեանց ներքեւ կ՚ապրիմ։…Կը զգամ, որ այլեւս զգուշաւորութեան լուծը վրաս կը ծանրանայ, եւ մանր մունր չարքաշութեանց տոկալու ոյժը կը նուազի։ Անցեր են այն օրերը, յորս այս տեսակ բաներու ականջ չէի կախեր։ 78 տարեկանը ութսունամեաներուն դասակարգին կը պատկանի այլեւս, ու ցաւօք եւ հեծութեամբ օրերու օրէնքին կ՚ենթարկուի»5։

Ճեմալ փաշայի արտօնութեամբ կը վերադառնայ Պոլիս, յոգնած եւ ընկճուած վիճակի մէջ։ Իր հիւծած առողջութեան պատճառաւ դժբախտաբար չկրցաւ իրականացնել «Գործքն Առաքելոցը, Առաքելական Թուղթերը եւ յայտնութիւնը պատմական շարունակութեան մէջ ամփոփելու, եւ եղելութեանց բաց մասերը ընկալեալ աւանդութիւններէ լրացնելու»6 իր մտադրութիւնը։

Դժուար օրեր ապրեցաւ Մաղաքիա Պատրիարք, դառնութեամբ լեցուն։ Մարդիկ փորձեցին մրոտել մեծանուն Պատրիարքի վաստակը։ Փորձեցին անուանարկել զայն։ Փորձեցին անտեսել Հայ Եկեղեցւոյ տիտանը։ Սակայն մեծանուն Պատրիարքը իր հմտութեամբ, գիտութեամբ եւ զարգացմամբ այդ դառնութեան օրերուն ցաւերը գիտցաւ վերածել երկունքի ցաւերու եւ այսպէսով ծնան իր հեղինակութիւնները, դասական գործեր, որոնք մինչեւ այսօր լոյս կը սփռեն ամէն անոնց, որոնք կը զբաղին Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեամբ եւ Ս. Աւետարանի ուսումնասիրութեամբ։

Իբրեւ վերջաբան, խօսքը կու տանք Զաւէն Աւ. Քհնյ. Արզումանեանի. «Օրմանեան անկասկած իր ետին թողուց ԺԹ եւ Ի դարերու Հայ Եկեղեցւոյ մէջ փայլած հեղինակաւոր կրօնաւորի վաւերական տիպարը, որուն վրայ հիացան սերունդներ, որմէ անոնք սորվեցան ընդերկար, եւ որուն կը պարտին անոնք Հայ Եկեղեցւոյ նկարագիրն ու վաւերականութեան դրոշմը կնքող արժանաւոր ներկայացուցիչը ըլլալու պատիւը յաչս օտարներուն եւ յաչս իր եկեղեցւոյ հարազատներուն։ …Անպատասխանատու մարդիկ եղան միայն անոնք որոնք չկրցան կամ չուզեցին հասկնալ մեծութիւնը Օրմանեանի մէջ, ու հալածեցին զինքը, տեսնելով միայն անոր կարճ թերութիւնները ու անտեսելով անոր մնայուն օգտակարութիւնները։ Պատմութեան կ՚անցնի Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի անունը ի շարս այն հոյլ մը մեծանուն Հայ հոգեւորականներուն, որոնց շնորհիւ Հայ Եկեղեցին կայ եւ կը մնայ աշխարհի երեսին որպէս հնադարեան ու այժմէական սուրբ հաստատութիւնը Հայկազնեան տոհմին»7։

Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ երկնային անթառամ պսակին արժանացնէ։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

21 նոյեմբեր 2022, երկուշաբթի
Սուրբ Աստուածածնի Ընծայման տօնին


1 Անայիս (Եւփիմէ Աւետիսեան), «Յուշերս», Փարիզ, 1949, էջ՝ 251։

2 201 Ըստ՝ Յ. Ճ.Սիրունի, «Օրմանեան եւ իր ժամանակը», Էջմիածին ամսագիր, 1962, թիւ Ա, էջ՝ 55-56։

3 Որդի Մելքոնի եւ Զարուհիի, ծնած է 1891-ին, Պոլիս։ Աւարտած է Կէտիկփաշայի Ամերիկեան Միսիոնարական վարժարանը։ Ապա ուսանած է Ռոպերթ Գոլէճի եւ հուսկ՝ Գատըգիւղի Ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ վարժարանին մէջ։ 1919-1923 տարիներուն վարած է Պոլսոյ Գերմանական Հիւանդանոցի տնօրէնութիւնը։ Ապա Պոլիսէն հեռանալով կը հաստատուի Հալէպ, ուր կ՚ունենայ իր մասնակցութիւնը սկաուտական կազմակերպութեան մէջ։ Իր յուշերը հրատարակած է «Կեանք մը նուիրում» հատորին մէջ։ Իր մահկանացուն կը կնքէ 28 մարտ 1975-ին, Հալէպ։ 1959-ին սատարած է Շողակաթի եկեղեցւոյ վերանորոգութեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի Ֆիլհարմոնիան երգեհոնով օժտելու աշխատանքներուն։ Գատըգիւղ բնակած տարիներուն անգլիացիներու մօտ ծառայած է, որպէս թարգման։

4 Միհրան Մինասեան, «Օրմանեան Պատրիարքի վերջին ժամերը», Բագին հանդէս, Հրատարակութիւն Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, ԽԴ տարի, յունիս 2006, Պէյրութ, էջ՝ 42-46։

5 Օրմանեան Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս, «Խոհք եւ խօսք իր կեանքին վերջին շրջանին մէջ», տպ. Սրբոց Յակոբեանց, Երուսաղէմ, 1929, էջ՝ 190-192։

6 Նոյն անդ, էջ՝ 192։

7 Արզումանեան Տ. Զաւէն Աւագ Քահանայ, Դոկտ., «Ազգապատում», Դ հատոր, Ա. գիրք (1910-1930), Ս. Վարդան Մատենաշար, Նիւ Եորք, 1995, յդծ. 3303, էջ՝ 231-233։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2022