ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ԵԼՈՅԹԸ
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Մխիթարեան վարժարանի մանկապատանեկան երգչախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ Աւստրիական Մշակոյթի կեդրոնին կողմէ սարքուած Ս. Ծննդեան համերգին:
Համերգը սարքուեցաւ Դեկտեմբերի 19-ի երեկոյեան Աւստրիական հիւպատոսարանի Ենիգիւղի ապարանքին մէջ: Համերգին ներկայ գտնուեցան Անգարայի մօտ Աւստրիոյ դեսպան Տքթ. Քլաուզ Վէօլֆէր, փոխ-հիւպատոս Ֆելիքս Քոնրատ Պիկլ, Աւստրիական հիւպատոսարանի մշակութային բաժնին տնօրէնուհի Մագ. Ռոմանա Քէօնիկսպրու, Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Մխիթարեան վանատան հայրեր՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, վարժարանի տնօրէնութիւնը, մատակարար մարմինը, ուսուցչաց կազմէն ներկայացուցիչներ եւ ծնողներ:
Նախքան համերգին սկսիլը՝ ճոխ ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ հիւպատոսարանի համերգասրահին մէջ, ուր ներկայ էր հրաւիրեալներու հոծ բազմութիւն մը: Մխիթարեան վարժարանի երգչախումբը հանդէս եկաւ Ս. Ծննդեան եւ ամանորեան մասնաւոր յայտագրով: Երգացանկը կը բաղկանար հայերէն, գերմաներէն եւ անգլերէն գողտրիկ երգերէ: Վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Լեռնա Պալօղլու Աքպուլութի մականին ներքեւ մխիթարեանցի տղաքը մեծ ոգեւորութեամբ մեկնաբանեցին կտորները, արժանանալով ունկնդիրներուն անվերապահ գնահատանքին: Այս առթիւ վարժարանի աշակերտները հիւպատոսարանին մէջ սարքեցին նաեւ նկարչական ցուցահանդէս մը, որուն գլխաւոր նիւթն էր անշուշտ կրկին Ս. Ծնունդը եւ Կաղանդը: Ներշնչուելով Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան անըմբռնելի խորհուրդէն, փոքրիկները վարժարանի գծագրութեան ուսուցչուհիներ Հիւմէյրա Թունալըի եւ Նալան Եըրթմաչի հսկողութեան ներքեւ ամիսներ շարունակ թափ տուած էին իրենց նկարչական կարողութիւններուն եւ ահաւասիկ մէջտեղ հանած՝ հոյակապ ցուցահանդէս մը: Ինչպէս իրենց սրտաբուխ երգերը՝ տղոց նկարչական ստեղծագործութիւնները եւս ներկաներու կողմէ ընդունելութիւն գտան մեծ գոհունակութեամբ եւ հիացումով:
Այս երաժշտական եւ նկարչական խնջոյքը Ս. Ծննդեան ու Նոր տարուան սեմին մխիթարեանցիներու սիրտերուն մէջ անտարակոյս զետեղեց նրբագոյն եւ ազնուագոյն զգացումներու փնջիկ մը, զանոնք հեղ մը եւս հաղորդ դարձնելով Յիսուս Մանուկի ծննդեան սքանչելի խորհուրդին:
Աւստրիական Մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցող ելոյթը պիտի կրկնուի Դեկտեմբերի 24-ին, ժամը 18.00-ին, Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի Ս.Պատարագէն ետք, Մխիթարեան եկեղեցւոյ մէջ:
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024