ԹՐՔԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՎՐԴՈՎԱԾ
Շաբաթավերջին Շուէտի մէջ տեղի ունեցաւ զգայացունց դէպք մը։ Այսպէս, Սթոքհոլմի մէջ, Թուրքիոյ դեսպանութեան առջեւ, ծայրայեղ աջակողմեան քաղաքական գործիչ մը հրկիզեց իսլամաց սուրբ գիրքը՝ Քուրանը։ Այս իրադարձութիւնը, հասկնալիօրէն, մեծ ցասում մը ստեղծեց բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Բողոքի ալիքը բարձրացաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ մինչ Անգարա-Սթոքհոլմ առանցքին վրայ ալ անխուսափելիօրէն տագնապ մը յառաջացաւ։ Թուրքիա Շուէտի ղեկավարութիւնը մեղադրեց՝ այսպիսի արարքի մը աչք փակելու մէջ։ Ծանօթ է, որ Թուրքիա այս շրջանին հաւանութիւն չի տար Շուէտի՝ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան, ինչ որ արդէն տարակարծութիւններ յառաջացուցած է երկու երկիրներուն միջեւ։ Այս վերջին տագնապն ալ եկած է բարդուիլ՝ առանց այդ ալ ծանր կացութեան վրայ։ Շուէտի ղեկավարութիւնը այս դէպքէն վերջ տեղեկացուցած է, որ երկրին մէջ կարծիքի լայն ազատութիւններ գոյութիւն ունին, սոյն արարքները այդ շրջանակին մէջ կը դասուին՝ որքան որ ալ սա համահունչ չըլլայ պաշտօնական դիրքորոշման կամ պետական քաղաքականութեան։ Իսկ Թուրքիա համոզիչ չի նկատեր այս բացատրութիւնները ու կը շեշտէ, որ անկարելի է այս ձեւով մեկնաբանել կարծիքի ազատութեան սկզբունքը։
Սթոքհոլմի դէպքէն վերջ, Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած համատարած հակազդեցութեան մթնոլորտին միացաւ նաեւ թրքահայութիւնը։ Թէ՛ Պատրիարքական Աթոռը եւ թէ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) շաբաթավերջին յատուկ յայտարարութիւններով միացան բողոքի ալիքին։
ԹՎՄ-ի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու «Անատոլու» գործակալութեան յայտարարեց, որ կրօններու դէմ անարգանքը շատ ցաւալի եւ անընդունելի է։ «Մենք խստիւ կը պախարակենք այն խեղճ հասկացութիւնը, որ մարդոց նուիրական կրօնական արժէքներուն դէմ անարգանքը կ՚որակէ՝ որպէս ժողովրդավարութիւն եւ այսպիսի ամբարտաւանութիւնով մը կը ջանայ արդարանալ», ըսաւ Շիրինօղլու եւ աւելցուց, որ Սթոքհոլմի անարգանքը իրականութեան մէջ կը թիրախաւորէ Թուրքիան։
Իր խօսքով՝ աշխարհի վրայ մահմետականներու դէմ կատարուած յարձակումները, կրօններու դէմ անարգանքները ցաւ կը պատճառեն թրքահայութեան։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ջերմ, անկեղծ, բարեկամական, եղբայրական վերաբերմունք ցոյց կու տայ։ «Բայց եւ այնպէս, սա կրօնի դէմ կատարուած անարգանքէ անդին Թուրքիոյ վրայ լարուած խաղ մըն է։ Այս անարգանքը Թուրքիոյ մահմետականներուն դէմ կատարուած է։ Մեր Հանրապետութեան նախագահին ՆԱԹՕ-ի վերաբերեալ նախաձեռնութիւնները զանոնք անկիւնային վիճակի մը մատնած են։ Հետեւաբար, իրենց զայրոյթը կը ջանան այս ձեւով յագեցնել։ Ես այսպէս կ՚ընկալեմ», ըսած է Շիրինօղլու։
Ստորեւ կը ներկայացնենք նաեւ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ կատարուած համապատասխան յայտարարութեան թրքերէն բնագիրը։
*
İSVEÇ’TE KUR’AN-I KERİM YAKMA TEŞEBBÜSÜNE KINAMA
İsveç’te İslam aleminin kutsal kitabı Kur’an-ı Kerim’i yakma teşebbüsü derin infial uyandırmıştır.
Hiçbir nedenle izah edilemeyecek bu menfur hareketin sadece İslam dini müntesiplerinin dini duygularını rencide etmekle kalmadığı, bunun yanı sıra farklı inançlara mensup insanlar arasında düşmanlık duygularını körüklemeye matuf hareketler olduğu göz ardı edilemez.
Demokrasi, özgürlük ve insan haklarıyla kesinlikle bağdaşmayacak bu hareket, bu duyguları paylaşan kişiler tarafından kabul görmeyeceği muhakkaktır.
Başta Türkiye Ermenileri Patriği Kadasetli Sahak II Hazretleri olmak üzere, Ruhani Meclis, ruhaniler, vakıf yönetim kurulları ve Türkiye Ermenileri cemaati, yapılan bu çağdışı hareketi esefle kınamaktadırlar.
Dünyamızın çeşitli sorunlarla boğuştuğu bu günlerde sevgiye, huzura, barışa ne kadar muhtaç olduğu bilinmektedir. İnsanların din, dil ve ırk ayrımı gözetmeksizin dünyamızın sorunlarına sorun katacak hareketlerden sakınmalarının ve var güçleri ile arzu edilen huzur ortamının sağlanmasına hizmet etmelerinin daha doğru olacağını hatırlatıyoruz.
Tanrı'nın ilahi hikmeti ile bu yolda çalışacak olanlara önderlik etmesi için dua ediyoruz.
TÜRKİYE ERMENİLERİ PATRİKLİĞİ