ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԸՆՏՐԱՑՈՒՑԱԿՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԿԱԽՈՒԻՆ ԱՅՍ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ
Համայնքային շրջանակները անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւին Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան գործընթացին։ Մարտի 12-ին նախատեսուած քուէարկութեան ընդառաջ, ատենապետ Խաչիկ Սարըլըի կողմէ գլխաւորուած ընտրական մարմինը ամբողջ թափով յառաջ կը տանի կազմակերպչական աշխատանքները։ Այսօր երեկոյեան նախատեսուած է ընտրական մարմնին հերթական նիստը։
Այսօրուան ժողովը կը նախորդէ ընտրական գործընթացի կարեւոր փուլերէն մէկուն։ Արդարեւ, երկու օր վերջ՝ այս չորեքշաբթի, յունուարի 25-ին, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցիներու շրջափակերէն ներս պիտի հրապարակուին ընտրացուցակները։ 15 օր տեւողութեամբ կախուած պիտի մնան այդ ցուցակները, որպէսզի համայքի ընտրողները կարողանան իրենց ստուգումները ընել։ Իւրաքանչիւր վայրին մէջ, ուր ընտրացուցակները կախուած պիտի ըլլան, պիտի գտնուի պատասխանատու մը, որ հաւանական համալրման պարագաներով պիտի աշխատի եւ այդ կապակցութեամբ պիտի համակարգէ աշխատանքները ընտրական մարմնին հետ։
Նոյնպէս երկու օր վերջ՝ այս չորեքշաբթի, յունուարի 25-ին, պաշտօնապէս պիտի սկսի նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին համար թեկնածութիւն առաջարկելու ժամկէտը։ Այս փուլին համար ալ սահմանուած է երկու շաբթուան ժամանակամիջոց մը։
Ուստի, ընտրական գործընթացին տեսակէտէ կարեւոր այս երկու փուլերուն ընդառաջ, ընտրական մարմինը այսօրուան հերթական ժողովին կը կեդրոնանայ համապատասխան նախապատրաստական աշխատանքներուն վրայ։
Միւս կողմէ, ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, ատենապետ Խաչիկ Սարըլըի կողմէ գլխաւորուած ընտրական մարմինը անցեալ ուրբաթ հանդիպում մը ունեցած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի հետ։ Սա եղած է քաղաքավարական բնոյթով այցելութիւն մը, որու ընթացքին ընտրական գործընթացին կապակցութեամբ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցած են դրական մթնոլորտի մը մէջ։