ՕՐԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ատենադպիր Լեւոն Քուզիքօղլուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ զրոյցի ընթացքին Լեւոն Քուզիքօղլու օրակարգի վրայ բերաւ ԹՎՄ-ի եւ անոր ենթայանձնախումբերու ուշադրութեան առարկայ կարգ մը նիւթեր ու ծրագրեր։ Այդ բոլորին կապակցութեամբ ան Նորին Ամենապատուութեան կարծիքը շօշափեց՝ դիմելով անոր խորհուրդին ենթադրեալ որոշումներու ընդունման ճանապարհին։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Քուզիքօղլուի կողմէ իր նկատառման յանձնուած նիւթերուն շուրջ բաժնեց իր մօտեցումները։ Հուսկ, ան յղեց իր օրհնութիւնները՝ յաջողութիւն մաղթելով ԹՎՄ-ի գործունէութեան համար։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2024