ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ խրախ­ճանք մը՝ Բա­րե­կեն­դա­նի եւ Ս. Վար­դա­նանց տօ­նին առ­թիւ։ Տղա­քը այս եր­կու տօ­նե­րուն շուրջ ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­ցին ի­րենց հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ։ Տնօ­րէ­նու­թեան կող­մէ կազ­մա­կերպուած այս ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին դպրո­ցի բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը։ Դպրո­ցի յա­րա­կից սա­նուց միու­թեան սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ խրախ­ճան­քը, ո­րու մաս­նա­կից տղա­քը զա­նա­զան դե­րե­րու մէջ հան­դէս ե­կան դի­մակ­նե­րով։ Ա­նոնք շատ հա­ճե­լի ժա­մա­նակ ան­ցու­ցին հտպի­տի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Տղա­քը շատ բարձր տրա­մադ­րու­թիւ­նով մը հա­ղորդ դար­ձան այս եր­կու կա­րե­ւոր տօ­նե­րու խոր­հուր­դին։

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2017