ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՓԱՅԼՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, դպրոցի ծնողաց միութենէն եւ ուսուցչական կազմէն դէմքեր, ինչպէս նաեւ այլ հիւրեր։ Դպրոցի շէնքէն ներս ամէնուրեք զգալի էր Բարեկենդանի խանդավառութիւնը։ Տղաքը ջերմ ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով։ Օրուան յայտագիրը թէեւ խորքին մէջ Բարեկենդանի խրախճանք մըն էր, սակայն Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Սրբոց Վարդանանց տօներուն վերաբերեալ երեսակներ ալ կը բովանդակէր։ Աւարտին, տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան ու գնահատանքի խօսքով մը։