ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ՝ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ 150-ԱՄԵԱԿԻՆ ԵՒ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին առթիւ Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ, որոնք ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ։ 19 փետրուարին Յովհաննէս Թումանեանի կեանքին, գործունէութեան ու վաստակին վերաբերեալ տեսանիւթ մը ներկայացուեցաւ աշակերտներուն։ Աշակերտները ընթերցեցին նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի հէքեաթներէն նմոյշներ։

Փետրուարի 21-ին Թումանեանի յոբելեանը միացաւ Մայրենի լեզուի համաշխարհային օրուան։ Առիթներու այս մէկտեղումը գեղեցիկ զուգադիպութիւն մըն էր եւ Գարակէօզեանի սաները դարձեալ հանդէս եկան Թումանեանի հէքեաթներէն ընթերցումներով։ Այս փուլը նախատեսուած էր մրցոյթի մը ձեւաչափին մէջ։

Տղաքը այս ձեռնարկներուն շնորհիւ առիթն ունեցան հաղորդ դառնալու Յովհաննէս Թումանեանի ժառանգին։

Շաբաթ, Փետրուար 23, 2019