ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆԵՐՍ ՍԿՍԱՒ ԳՈՐԾԵԼ «ՎԱՌՎԱՌԵԱՆ» ՏԻԿՆԱՆՑ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ

Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցիէն ներս վերջերս կազմուեցաւ տիկնանց յանձնախումբ մը, որ անուանուեցաւ թաղի երբեմնի վարժարանի անունով։ Այսպէս, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի օրհնութեամբ եւ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի ջանքերով գործել սկսաւ Վառվառեան տիկնանց կազմը։ Նորաստեղծ յանձնախումբը կը գլխաւորէ Հելէն Տեմիրճի, որու գործակից ընկերուհիներն են՝ Վարդուհի Տիքիճի, Սեդա Մալաթեալը, Արփինէ Չիզմէճեան, Իլտա Քարաճաօղլու, Մատլէն Եըլտըրըմ, Շուշան Յակոբեան, Այտա Տեմիրճի եւ Լիւսի Տեմիր։

Երէկ, Վառվառեան տիկնանց կազմը առաջին անգամ ներկայացաւ մեր համայնքային միւս հաստատութիւններու տիկնանց կազմերուն։ Այս համախըմ-բումը առիթ հանդիսացաւ խանդավառ մթնոլորտի։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Հելէն Տեմիրճի։ Գումգաբուի Դրսի եկեղեցիէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթի ընթացքին օրհնութեան խօսք մըն ալ արտասանեց Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Այս առթիւ հայր սուրբը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս իգական սեռին կողմէ բերուած պատրաստակամ մասնակցութեան համար։ Ան նշեց, որ Գումգաբուի Դրսի տիկնանց կազմի ստեղծման ծրագիրն ալ կեանքի կոչուած է նոյն ձեւով։ Հայր սուրբը նաեւ յորդորեց լաւ արժեւորել յառաջիկայ Մեծ պահոց շրջանը եւ կենսունակութիւն ստեղծել մեր համայնքէն ներս։

Երէկուան հաւաքոյթի եզրափակիչ փուլին ընդհանուր խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ մեր տիկնանց կազմերուն կողմէ տարուած աշխատանքներուն եւ յառաջիկային նախատեսուած գործունէութիւններուն շուրջ։

Շաբաթ, Փետրուար 23, 2019