ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր նշուեցաւ Մայրենիի միջազգային օրը։ Այս առթիւ նախատեսուած հանդէսին յայտագիրը գործադրուիլ սկսաւ՝ Նորա Միթիլեանի բացման խօսքով։ Զանազան դասարաններու աշակերտներ հանդէս եկան բազմաբնոյթ յաջող ելոյթներով։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս ուշագրաւ էին՝ հայկական ժողովրդական առածներու վերաբերեալ շարադրութիւններու մրցոյթը եւ առցանց ուղղագրութեան մրցոյթը։

Տղաքը հանդէս եկան նաեւ խմբերգներով, մինչ յայտագրի գործադրութիւնը աւարտին հասաւ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի խօսքով։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 23, 2022