ՆԱՐԵԿԵԱՆԻ ՄԷՋ ԾԱՓԵՐ
Պոլսահայ երաժշտասէրներուն համար վերջին օրերուն իսկական վայելքի մը վերածուած է՝ մեր արժէքաւոր արուեստագէտներէն Արթիւր Պաղտասարեանի ջանքերով կազմակերպուած համերգաշարը։ Երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս համերգաշարին երկրորդ փուլը։ Պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեան եւ Երեւանէն՝ սոփրանօ Տիանա Յարութիւնեան, նաեւ դաշնակահարուհի Մարգարիտ Սարգսեան այս առթիւ տարին իրենց բեմական յաղթանակը։ Անոնք փայլուն յաջողութեամբ եւ բարձր մակարդակի վրայ կեանքի կոչեցին յայտագիրը, որու գործադրութեան աւարտին արժանացան ներկաներու ծափահարութիւններուն։ Թէեւ սրահը ունկնդիրներով չէր յորդեր, սակայն, ձեռնարկին առանձնայատկութիւնը այն էր, որ իսկապէս հայ դասական երաժշտութեան համակիրներ ժամադրուած էին այս ձեռնարկին առթիւ եւ ստեղծուած մթնոլորտը ամբողջութեամբ բաւարարեց թէ՛ արուեստագէտները եւ թէ արուեստասէրները։
Երեկոյթին ներկայ էին նաեւ խումբ մը հոգեւոր հայրեր։ Համերգի աւարտին շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ձեռնարկը պատուեց նաեւ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։
Հարկ է նշել, որ Արթիւր Պաղտասարեանի ջանքերով կազմակերպուած այս համերգաշարի համայնքային փուլը երէկուան ձեռնարկով արդէն եզրափակուեցաւ։ Այս երեք արուեստագէտները վաղը դարձեալ հանդէս պիտի գան Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ՝ այս անգամ Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութեան հովանիին ներքեւ, արդէն վճարովի տոմսերով։
Միւս կողմէ, Արթիւր Պաղտասարեան, Մարգարիտ Սարգսեան եւ իրենց ընկերակից լրագրող Վահագն Զաքարեան երէկ այցելեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութիւնը։