ՅԱՅՏՆԻ ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻ ԱՆԻ ԻՓԵՔՔԱՅԱ ԶՐՈՒՑԵՑ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Յայտնի դերասանուհի Անի Իփեքքայա նախընթաց օր զրոյցի մը մասնակցեցաւ Գալֆաեան Տան սաներուն հետ։ Ան վարժարան այցելեց ընդառաջելով տնօրէնութեան հրաւէրին։ Իր ներկայութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։
Վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յայտագրի գործադրութիւնը։ Տղաքը նախ պաստառի վրայ հետեւեցան Անի Իփեքքայայի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ տուեալներու։ Աւելի վերջ օրուան հիւրը իրենց համար ընթերցեց «Երջանիկ իշխանը» հէքեաթը։ Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին Անի Իքեքքայայի ուրոյն ոճով ընթերցումին։ Ապա հարցում-պատասխանի ձեւաչափին մէջ տղաքը հաճելի խօսակցութիւն մը ունեցան Իփեքքայայի հետ։ Յայտնի դերասանուհին հաղորդական ոճով գրաւեց բոլորին սիրտը։
Զրոյցի աւարտին, տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ խորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Անի Իփեքքայային, որ գալֆաեանցի սաները առարկայ դարձուց իր հոգածութեան եւ իր ժպիտով խոր տպաւորութիւն գործեց անոնց վրայ։