ՓԱԿՈՒՂԻԷ ԴԷՊԻ ԱՆԴՈ՞ՒՆԴ
Պատրիարքարանի շուրջ ստեղծուած տագնապը կը շարունակէ բնորոշել մեր համայնքին օրակարգը եւ իւրաքանչիւր քայլափոխին ա՛լ աւելի կը խորանայ՝ լուրջ մտահոգութիւն պատճառելով համայնքի աչալուրջ շրջանակներուն։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը ակնյայտ փակուղիի մը մէջ է եւ առկայ ընթացքը առանց չափազանցութեան անդունդի մը եզրին կ՚առաջնորդէ մեր համայնքը։ Բարձրաստիճան եկեղեցականներուն կողմէ ներկայ փուլին որդեգրուած հակադիր, անհաշտ դիրքորոշումը դժբախտաբար խնդիրները կը հեռացնէ լուծման հունէն։
Տեղապահի ընտրութեան փուլին Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ Պատրիարքարան հասած պաշտօնագիրը գործնականին մէջ սառեցուցած է այդ գործընթացը։ Պարզ է, որ առկայ արդիւնքը գոհացուցիչ կամ բաւարար չէ ոեւէ մէկուն համար, սակայն սպասումը դարձած է անհրաժեշտ, անխուսափելի։ Այդ սպասումն ու անոր տեղի տուած բոլոր խնդիրները կրնան յաղթահարուիլ բացառապէս բարձրաստիճան եկեղեցականներու համագործակցութեան պատրաստակամութեամբ եւ մեր համայնքի միասնական ջանքերով։ Ներկայ իրավիճակը սակայն չի ցոլացներ այսպիսի համայնապատկեր մը։ Կը ցաւինք արձանագրել, որ բարձրաստիճան եկեղեցականները պահու լրջութեան ու պատասխանատուութեան գիտակցութենէն բաւական հեռու ըլլալու տպաւորութիւն մը կը թողուն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին վրայ։
Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան մեկնած է Գերմանիա։ Բոլորովին անհասկնալի է այս ճակատագրական փուլին իր բացակայութիւնը Իսթանպուլէն։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը շարունակէ այդ դիրքին վրայ մնալ՝ բոլորովին անգործութեան դատապարտուած ըլլալու տպաւորութեամբ։ Եկած է վրայ հասնիլ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի նախաձեռնութիւնը։ Մօտաւոր անցեալի աղմկարար հրաժարականէն վերջ ան համայնքին յայտնած էր, որ չէ պաշտօնականացուցած այդ հրաժարականը։ Այդ պղտոր կարգավիճակին վրայ եկաւ աւելնալ ընտրեալ-տեղապահին կողմէ հեռակայ դրութեամբ իրեն յանձնուած՝ տեղապահի փոխանորդի պաշտօնը։
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս առաւօտ անձնական ելեկտրոնային փոստի հասցէէն մամուլին ուղարկեց երկու նամակի պատճէն։ Այդ երկու նամակներն ալ ուղարկուած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Առաջին նամակը ստորագրուած էր Եկեղեցական համագումարի դիւանի անդամներուն՝ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի (ատենապետ) եւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի (ատենադպիր) կողմէ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին պաշտօնապէս կը տեղեկացուէր Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի տեղապահ ընտրուած ըլլալը։ Թէեւ Պատրիարքարանի պաշտօնաթուղթին վրայ գրուած, սակայն չկնքուած նամակ մըն է այդ մէկը։
Երկրորդ նամակը Վեհափառ Հայրապետին հասցէագրուած է Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Նոյնպէս Պատրիարքարանի պաշտօնաթուղթին վրայ գրուած, սակայն առանց կնիքի նամակ մըն է այդ մէկը։ Անկախ բովանդակութենէն, հետաքրքրական է, որ տեղապահի ընտրութենէն վերջ Պոլիսէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ուղարկուած առաջին նամակը կը կրէ ոչ թէ ուղղակիօրէն ընտրեալ-տեղապահին, այլ անոր կողմէ նշանակուած փոխանորդին ստորագրութիւնը։ Սա իսկապէս կը ցոլացնէ մեր Պատրիարքական Աթոռին ներկայիս մատնուած անելը։
Առաւել եւս հետաքրքրական է Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ Վեհափառ Հայրապետին ուղարկուած նամակին բովանդակութիւնն ու ցոլացուցած տրամաբանութիւնը։ «Մեծապէս կարիքն ունինք Ձեր հայրապետական նեցուկին եւ օգնութեան, որպէսզի Գարեգին Սրբազան կատարելապէս տիրապետէ փոխանցման շրջանի եւ պատրիարքական ընտրութիւններուն։ Դժբախտաբար Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի յամառութիւնը չթողելու իր փոխանորդի կարգավիճակը, հակառակ մեր եկեղեցւոյ օրինաց եւ Ձերդ Սրբութեան ներկայութեան կատարուած համաձայնութեան, շփոթանք եւ խառնակութիւն կը ստեղծէ եկեղեցական եւ համայնքային կեանքէն ներս։ Ձերդ Սրբութեան տեղին միջամտութիւնը մեծապէս պիտի սատարէ մեր փոթորկալից Աթոռի եւ պոլսահայ համայնքին անդորրութիւնը վերահաստատելու համար», գրած է Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան՝ խնդրելով Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին միջամտութիւնը։
Այս միջամտութեան խնդրանքին տրամաբանութիւնը կարելի է առանձնապէս քննարկել, սակայն ներկայ ահազանգային պայմանները մեզ կը պարտադրեն խոր մտահոգութիւն մը, թէ ազգային-եկեղեցական մեր կեանքը անհեռատես քայլերով ու նախաձեռնութիւններով կ՚առաջնորդուի դէպի քաոս։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ