ՄԱՐԴԸ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋԷՆ

«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է յատկանշական գիրք մը։ «Մարդը գործին մէջէն. Աքսորականի գաղտնի օրագիր» կը կոչուի այս գործը, որու հեղինակն է Լեռ Կամսար։ Գիրքը կազմած ու խմբագրած է Յարութիւն Քիւրքճեան եւ հրատարակութեան պատրաստած՝ Սեւան Տէյիրմենճեան։

1888 թուականին Վանի մէջ ծնած եւ 1965 թուականին Երեւանի մէջ մահացած Լեռ Կամսար (Արամ Թովմաղեան) եզակի անուն մըն է սովետահայ գրականութեան մէջ։ Պարոնեանով եւ Օտեանով խորհրդանշուած հայկական երգիծական գրականութեան ամենաուշագրաւ դէմքերէն մին է ան։ Ենթարկուած է սովետական շրջանի բռնութիւններուն։ Իր գործունէութեան ու գոյութեան վրայ ճնշում բանեցուած է։ Աքսոր, անտեսում, ստեղծագործութիւններու հրկիզում, ամբողջական արգիլում… Լեռ Կամսարի կենսագրութեան հիմնական տարրերու շարքին են այս բոլորը։ Յամենայնդէպս, ան շարունակած է գրել՝ հակառակ ամէն ինչի։

Լեռ Կամսարի ստեղծագործութիւնը բացայայտ դառնալ սկսաւ միայն Խորհրդային կայսրութեան փուլ գալէն վերջ։ Սա եղաւ շնորհիւ իր հարազատներուն կողմէ խնամքով պահպանուած ձեռագիրներուն։ «Արաս»ի կողմէ հրատարակուած գիրքը հատընտիր մըն է, ուր ճոխ քաղուածքներ կատարուած են՝ փորձելով վերականգնել հեղինակի կենդանագիրը՝ մարդկային ու գրական ամբողջականութեամբ։

Թէ՛ իր գրական արժէքով եւ թէ ժամանակաշրջանի մը վրայ սփռած լոյսով կը բիւրեղանայ արժէքը այս գրքին, որ վստահաբար ընթերցասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան առարկայ դառնայ։

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021