ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը հա­մախմ­բուե­ցան՝ տօ­նախմ­բե­լու հա­մար Շիշ­լի մար­զա­կում­բի հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Այս առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րի­քին ըն­թաց­քին Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ձե­ռամբ յու­շա­նուէր մը յանձ­նուե­ցաւ հա­մայն­քա­յին յայտ­նի բա­րե­րա­րու­հի Մո­նիք Եր­կա­նեա­նին։ Ա­տե­նա­պետ Ա­լէն Թեք­պը­չա­քի կող­մէ գլխա­ւո­րուած Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թիւ­նը այդ յու­շա­նուէ­րը պատ­րաս­տած էր, ո­րով­հե­տեւ Մո­նիք Եր­կա­նեա­նի լու­սա­հո­գի հայ­րը՝ Գրի­գոր Մի­սա­քեան ե­ղած էր ա­կում­բի հիմ­նա­դիր­նե­րէն։ Եր­կու­շա­բա­թիի մեր թի­ւով ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ պի­տի հա­ղոր­դենք այս ձեռ­նար­կին մա­սին։ (Լուսանկար՝ Արի Թաշ)

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016