ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՈԳԵՒՈՐ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Ա­թա­գիւ­ղի «Եու­նուս Էմ­րէ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի յա­տուկ խնամ­քի կա­րօտ ե­րա­խա­նե­րու յանձ­նա­խում­բի՝ ZİBEÇ-ի տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւ­նը, ո­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ըն­տա­նե­կան խրախ­ճան­քի մթնո­լոր­տի մը մէջ ան­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րու ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբազ­նու­թեան կող­քին էին Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան, Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ան­դամ­նե­րէն Կար­պիս Փո­լատ, հո­գա­բար­ձու­թեան նախ­կին փոխ-ա­տե­նա­պետ Գրի­գոր Տէօ­շէ­մէ­ճեան, ZİBEÇ-ի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Տիւլ­կէ­րեան, ընդ­հա­նուր հա­մա­կար­գող Կիւլ­ֆի­տան Էօ­վիւնչ, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, իս­թան­պու­լա­հայ վար­ժա­րան­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հիւ­րեր եւ բազ­մա­թիւ ծնող­ներ։ 

ZİBEÇ-ի տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թեան զու­գա­հեռ կազ­մա­կեր­պուած էր նաեւ քէր­մէս մը։ Հաս­տա­տու­թեան տիկ­նանց կազ­մին ջան­քե­րով կեան­քի կո­չուե­ցաւ այս ծրա­գի­րը, որ նա­խոր­դեց տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թեան։ Այս քէր­մէ­սի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը այն էր, որ վա­ճառ­քի դրուած խճան­կար­ներն ու յախ­ճա­պա­կի­նե­րը ստեղ­ծա­գոր­ծուած էին ZİBEÇ-ի տղոց կող­մէ։ Այս ե­րե­ւոյ­թը խոր ի­մաստ մը վե­րագ­րած էր քէր­մէ­սին, ո­րու այ­ցե­լու­նե­րը իս­կա­պէս զմայ­լան­քով ա­կա­նա­տես ե­ղան տղոց կող­մէ տա­րուած աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քին։

Քէր­մէ­սէն վերջ սկսաւ տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւ­նը, որ այս տա­րի տե­ղի ու­նե­ցաւ հին­գե­րորդ ան­գամ։ Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ վաս­տա­կա­ւոր դե­րա­սան Հեր­ման Օ­զի­նեա­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ծա­նօթ է, որ Հեր­ման Օ­զի­նեան ZİBEÇ-ի հիմ­նադ­րու­թե­նէն ի վեր իր ան­փո­խա­րի­նե­լի զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէ ա­նոր։ Ձեռ­նար­կի տե­ւո­ղու­թեան տղա­քը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան ի­րենց ներ­կա­յա­ցու­ցած եր­գե­րով ու պա­րե­րով։ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյթն ալ հան­դի­սու­թեան վեր­ջըն­թեր հանգ­րուա­նին միա­ցաւ ZİBEÇ-ի տղոց եւ հա­մա­տեղ այս ե­լոյ­թը խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծեց բո­լոր հան­դի­սա­տես­նե­րուն վրայ։ Այս հա­մա­տեղ պա­րը միաս­նա­կան ջան­քե­րով կազ­մա­կեր­պած էին Կիւլ­ֆի­տան Էօ­վիւնչ եւ «Մա­րալ»ի պա­րու­սոյց Կար­պիս Չափ­քան։

Հան­դի­սու­թեան եզ­րա­փա­կիչ փու­լին բեմ բարձ­րա­ցաւ նաեւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ բո­լո­րը ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ լիուլի ապ­րե­ցան՝ միաս­նա­բար նոր ա­մառ­նա­մուտ մը ող­ջու­նե­լու ու­րա­խու­թիւ­նը։

Տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թեան առ­թիւ ZİBEÇ-ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը մե­զի յայտ­նե­ցին, թէ ա­ռանձ­նա­պէս ո­գե­ւո­րուած էին ե­րէ­կուան ձեռ­նար­կին իս­թան­պու­լա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն կող­մէ բե­րուած մաս­նակ­ցու­թեամբ, ո­րով­հե­տեւ ի­րենց գլխա­ւոր նպա­տակն է ZİBEÇ-ի տղոց գիր­կընդ­խառ­նուի­լը միւս ե­րա­խա­նե­րուն, ի­րենց տա­րե­կից­նե­րուն հետ։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015