ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔ
Երէկ, Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից տարեկան հաւաք։ Անմիջական ու ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը, որու ընթացքին 25-ամեայ, 40-ամեայ եւ 50-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտները ստացան յուշանուէրներ։
Ներկայ էին Քոյր Անրիէթ, դպրոցի Մատակարար մարմնի ատենապետ Տիգրան Էօտիւլ եւ իր ընկերները, Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ այլ հիւրեր։
Վարժարանի սրահին մէջ Նատիա Պարսամեանի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ օրուան յայտագիրը, որու ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան հիմնադրի ներկայացուց Կարապետ Մխալեան եւ տնօրէն Շահին Չընար։
Դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին թատերակ մը, մինչ Քայլա Չաքըր նուագեց երգեհոն։ Հաստատութեան պատասխանատուները շնորհակալութեան յուշանուէրներ պատրաստած էին Վարուժան Պուլկանի եւ Արէտ Շուշանեանի համար, որոնք վերջին շրջանին աջակցութիւն ցուցաբերեցին Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին։