ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ ՎԱՂԸ ԿԸ ՍԿՍԻ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի բազ­մա­կող­մա­նի գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս, Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի թա­տե­րա­խում­բը կը պատ­րաս­տուի հան­դէս գալ ներ­կա­յա­ցում­նե­րու շար­քով մը։ Ինչ­պէս ա­ւե­լի ա­ռաջ ալ հա­ղոր­դած էինք, Սա­րօ Սի­րա­կա­նեա­նի ջան­քե­րով վեր­ջերս Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի շար­քե­րէն ներս վե­րա­կեն­դա­նա­ցած է թա­տե­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ա­ւան­դու­թիւ­նը։ Վա­ղը Վար­դա­նան­ցի թա­տե­րա­խում­բը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ «Թիւ 5 խե­լա­գա­րը» ա­նուն ե­րեք ա­րար­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ խա­ղը, որ պի­տի ձօ­նուի հո­գե­լոյս Տ. Տա­րօն Ա. Քհնյ. Սի­րա­կա­նեա­նի յի­շա­տա­կին։ Խա­ղի հե­ղի­նակն է Միհր­դատ Հայ­կազն, ո­րու ըն­դօ­րի­նա­կու­թեան հի­ման վրայ պատ­րաս­տուած է թատ­րեր­գու­թիւ­նը։

Կա­լա­յին ըն­դա­ռաջ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու բե­մադ­րիչ Սա­րօ Սի­րա­կա­նեա­նը, որ մե­զի բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ թա­տե­րա­խում­բի ծրագ­րին շուրջ։ Ան նշեց, թէ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի շար­քե­րէն ներս թա­տե­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ընդ­հա­տուած էր շուրջ քսան տա­րիէ ի վեր։ Վեր­ջին մէ­կու­կէս տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ բա­րեն­պաստ մթնո­լորտ մը, ո­րու շնոր­հիւ հնա­րա­ւոր դար­ձաւ վե­րա­կեն­դա­նաց­նել թա­տե­րա­կան աշ­խա­տան­քը։ Ներ­կա­յիս թա­տե­րա­խում­բին տաս­նե­րեք դե­րա­սան մաս կը կազ­մէ։ Մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին նոր ան­դամ­ներ են։ Ա­նոնց շար­քին կայ միայն քա­նի մը հո­գի, որ քսան տա­րի ա­ռաջ կազ­մա­կեր­պուած ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն մաս­նակ­ցած էր։ Վար­դա­նան­ցի թա­տե­րա­խում­բը «Թիւ 5 խե­լա­գա­րը» ներ­կա­յա­ցու­մը պի­տի բե­մադ­րէ չորս ան­գամ։ Մինչ այդ, թա­տե­րա­խում­բը կապ հաս­տա­տած է հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէ­նու­թիւն­նե­րուն ու տե­ղե­կա­ցու­ցած է իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ ա­շա­կեր­տա­կան խում­բե­րու հա­մար մաս­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցում­նե­րով հան­դէս գա­լու ուղ­ղու­թեամբ։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016