«ԿԵՆԴԱՆԻ ԳԻՐՔԵՐ»

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Կեն­դա­նի գիր­քեր» խո­րագ­րեալ ձեռ­նարկ մը։ Մեր հա­մայն­քա­յին հինգ լի­սէ­նե­րէն ա­շա­կեր­տա­կան խում­բեր մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին այս ծրագ­րին, ի­րենց անգ­լե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րու հսկո­ղու­թեամբ։ Մրցում-փա­ռա­տօ­նի ձե­ւա­չա­փին մէջ կազ­մա­կեր­պուած այս ձեռ­նար­կի սկիզ­բին մաս­նա­կից հինգ լի­սէ­նե­րու խում­բե­րը ցու­ցադ­րե­ցին նա­խա­պէս ի­րենց կող­մէ պատ­րաս­տուած կար­ճա­ժամ­կէտ ժա­պա­ւէն­ներ։ Ա­ւե­լի վերջ ալ ծրա­գի­րը ի կա­տար ա­ծուե­ցաւ շատ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։

«Կեն­դա­նի գիր­քեր»ու ա­ւար­տին Մխի­թա­րեան լի­սէի տնօ­րէ­նու­հի Ե­ւա Օ­րա­գեան հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը։ Այս առ­թիւ ան բարձր գնա­հա­տեց դա­տա­կազ­մի ան­դամ­նե­րը, բո­լոր լի­սէ­նե­րու մաս­նա­կից­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Ա­լին Եըլ­տը­րը­մը, Քո­լին Չեն­պէ­րը եւ Սե­սիլ Քո­ճան, ո­րոնք յղա­ցած էին այս ձեռ­նար­կին գա­ղա­փա­րը եւ մեծ ե­ռանդ ներդ­րած՝ ա­նոր ի­րա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017