ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀՕՐ ԿԻՍԱՆԴՐԻԻ ԲԱՑՈՒՄ՝ ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանէն ներս նախընթաց օր կատարուեցաւ Մխիթար Աբբահօր կիսանդրիի բացումը։ Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի, Շիշլիի կրթական փոխ-տնօրէն Էրթան Տեմիրթաշ, համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ դէմքեր, հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր։ Կիսանդրիի բացումը առիթ հանդիսացաւ հերթական անգամ յիշողութիւն թարմացնելու համար Մխիթար Աբբահօր թողած ժառանգութեան շուրջ։ Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթներ ունեցան Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան, մատակարար մարմնի ատենապետուհի Ռիթա Նուրնուր, Էրթան Տեմիրթաշ եւ Զեքիեան Գերապայծառ։

Ելոյթներէն վերջ կատարուեցաւ կիսանդրիի բացումը, մինչ դպրոցի աշակերտներն ալ մասնակցութիւն բերին օրուան յայտագրին։

Կիսանդրին ստեղծագործուած է քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեանի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018