ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ ՆՈՐԻՆ ԱՄԵՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐ ՏՈՒԱՒ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ. ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՈՂՋՈՅՆ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ

Այսօր Համբարձման տօնն է։ Այս տօնը բոլորիս համար հոգեւոր ուրախութեան առիթ է։ Որովհետեւ Աստուծոյ Միածին Որդին Հօր Աստուծոյ կամքը կատարելով երկրի վրայ քարոզեց փրկութեան խօսքը, մեր փրկութեան համար չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ եւ փառաւորեալ մարմնով քառասուն օրեր երկրի վրայ երեւեցաւ իր աշակերտներուն եւ այլոց ու երկինք համբարձաւ, հոն շարունակելու համար ըստ կարգին Մելքիսեդեկի քահանայապետական պաշտօնը։ Համբարձման խորհուրդի մէջէն կ՚ընկալենք բարձրանալու գաղափարը։ Բարձրանալ՝ ոչ թէ աշխարհիկ իմաստով միայն, այլ նաեւ հոգեւոր եւ բարոյական առումով։ Քրիստոս նախքան երկինք համբառնալը իր տասնեւմէկ առաքեալներուն յանձնեց տիեզերական առաքելութեան պաշտօնը, որպէսզի երթային, բոլոր ազգերուն քարոզէին, զանոնք Հօր, Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգիին անունով մկրտէին, սորվեցնէին անոնց այն բոլոր գիտելիքները, զորս սորված էին իրենց Վարդապետէն ու անոնց խոստացաւ մինչեւ աշխարհի վախճանը իրենց հետ ըլլալ։

Քրիստոս յիրաւի առաքեալներուն ու անոնց գծով եղաւ մեզի հետ ու է տակաւին եւ պիտի շարունակէ այդպէս մնալ մինչեւ իր երկրորդ գալուստը Հօրը փառքով։

Քրիստոսի գործը կը շարունակէ Իր Մարմինը՝ որ է Սուրբ Եկեղեցին։ Եկեղեցին իր բոլոր հաստատութիւններով ցոլացումն է Քրիստոսի առաքելութեան։ Եկեղեցին կրօնական հաստատութիւն մը չէ միայն, այլ նաեւ իր հովանիին ներքեւ կը պահէ ընկերային, մարդասիրական, բարեսիրական ու մշակութային հաստատութիւններ։ Պատմութեան ընթացքին արքունական եւ ազնուական դէմքեր հաստատած են հիւանդանոցներ, որոնք կը վայելեն Ս. Ներսէս Պարթեւ Հայրապետի բարեխօսութիւնը։ Սուրբ Հայրապետը բարեխօս է այն բոլոր հաստատութիւններուն, որոնց արմատները սնունդ կը ստանան իրմով սկսած մարդասիրական ու բարեսիրական առաքելութենէն։

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը պատիւն ունի իր հոգեւոր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ վայելելու Գթութեան Յարկի մը գոյութիւնը, որ անուանակիցն է մեր Փրկչին։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը իր բարոյական անուան տակ կ՚ապրեցնէ զանազան գաւառներու մէջ գործած երբեմնի հիւանդանոցներուն յիշատակները։

Քրիստոսազօր Ամիրա կոչմամբ ծանօթ անզուգական բարերար Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի աւանդն է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը, որուն հաստատութեան տարեդարձը կը տօնենք Համբարձման տօնին։  Յարութիւն Ամիրան գովելի ու գնահատելի շարժուձեւով մը հաստատութիւնը ընծայած է Յիսուս Փրկչի անուան, հակառակ անոր, որ իր իշխանական նուիրատուութեամբ յառաջ եկած էր այս հաստատութիւնը։

Իւրաքանչիւր Համբարձման տօնին՝ կը վկայենք, թէ տօնին ընկալելի բարձրանալու խորհուրդը կեանքի վերածուած է այս պատուաբեր հաստատութեան երդիքին տակ։ Վստահ ենք, որ Քրիստոս այս հաստատութեան հետ է։

Այս հաստատութիւնը իր բերած բարեսիրական ծառայութեամբ կ՚արժանանայ ոչ միայն մեր համայնքին ու սփիւռքահայութեան, այլ նաեւ մեր երկրի պետական բարձրամակարդակ պաշտօնական մարմիններու գնահատանքին։

Բժշկագիտական արդիական սարքաւորումներով, գործողութեան սրահներով, խտացեալ դարմանման կեդրոնով, հանգստաւէտ խնամքի պայմաններով, հանգստեան տան բաժիններով կը շարունակէ գործել՝ ամէն տարի յառաջացում եւ զարգացում արձանագրելով։ Մանաւանդ վերջին քորոնաժահրի համաճարակի առթիւ հիւանդանոցի յանձն առած զոհողութիւնը ամէն գնահատանքէ վեր է։ Մենք մեր հայրական օրհնութիւնը կու տանք հաստատութեան բժշկական դասէն Տքթ. Մագսուտ Ահպապի գլխաւորութեամբ գործող բժիշկներուն եւ բուժքոյրերուն, որոնք գերմարդկային ճիգերով ու անտրտունջ ծառայութեամբ, յաճախ նաեւ զոհելով իրենց հանգիստի ժամերը, նուիրուեցան համաճարակէ ազդուած հիւանդներու դարմանման եւ բուժման Աստուածահաճոյ առաքելութեան։ Բժշկագիտական պատմութիւնը պիտի արձանագրէ հայ համայնքի ծոցին մէջ այս տագնապալի շրջանին իրականացած յոյժ գնահատելի ծառայութեան օրինակը։

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը եթէ այս մակարդակին հասած է, անոր իրագործման մէջ կարեւոր տեղ ունին բարերարները, որոնք գնահատելով տարուած աշխատանքը իրենց լումաները բերած եւ յանձնած են Սուրբ Փրկիչի ներկայութեան, այն ակնկալութեամբ, որ անոնք պիտի պտղաբերին եւ օրհնութեան պիտի վերածուին ու նաեւ պատճառ պիտի ըլլան, որ իրենց ի Քրիստոս ննջած սիրելիներուն հոգիները հրճուին։ Հանգստեան աղօթքով կը յիշենք ի Քրիստոս ննջած բարերարները եւ հայրական օրհնութեամբ կ՚ողջունենք հաստատութեան այժմու բարերարները լաւագոյն մաղթանքներով։ Աստուած վարձահատոյց ըլլայ բոլորին։

Թէ ինչպէ՞ս կը բացուին այս քսակները, եթէ ոչ՝ հաստատութեան հոգաբարձութեան նկատմամբ սնուցուած վստահութեամբ։ Մենք այս առթիւ կը յայտնենք մեր գնահատանքը եւ օրհնութիւնը հաստատութեան Հոգաբարձութեան, որ ատենապետին՝ Տիար Պետրոս Շիրինօղլուի մականին տակ իր կարելին ի գործ կը դնէ հաստատութիւնը բարձրամակարդակ վիճակի մէջ պահելու համար։ Հոգաբարձութիւնը նախանձախնդրութեամբ հետեւողական աշխատանք կը տանի հաստատութեան կալուածներու սեփականութեան եւ արժեւորման ուղղութեամբ։

Հանգստեան աղօթքով կը յիշենք այս հաստատութեան իրենց քրտինքը հոսեցուցած բոլոր ի Քրիստոս ննջած հոգաբարձուները, բժիշկները, բուժքոյրերը, ծառայողները։ Աստուած բոլորին հոգիները լուսաւորէ։

Այս առթիւ մեր հայրական օրհնութիւնը կու տանք հաստատութեան բժշկապետ՝ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեանի եւ իր մականին ներքեւ գործող բժշկական եւ բուժքոյրերու դասերուն եւ համայն ծառայողներուն՝ բոլորին մաղթելով քաջառողջ կեանք եւ ծառայութեան եռանդ ի փառս Աստուծոյ եւ ի շինութիւն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի։

Ողջ լերուք ի խնամս Տեառն եւ օրհնեալ ի Մէնջ,

Աղօթարար՝

ՍԱՀԱԿ Բ.
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Շաբաթ, Մայիս 23, 2020