ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԻՖԹԱՐ
Մխիթարեան վարժարանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ իֆթարի հաւաքոյթ մը: Այս առթիւ վարժարանին մէջ հիւրընկալուեցան Ազգային կրթութեան փոխ-նախարար Օրհան Էրտէմ, Կրթական նախարարութեան մօտ գլխաւոր խորհրդատուի օգնական Տքթ. Մուամմէր Եըլտըզ, կուսակալի օգնական Ահմէտ Համտի Ուսթա, Կրթական նախարարի խորհրդատու Տքք. Էօմէր Աքար, Շիշլի գաւառակի կրթական տնօրէն Մուրատ Միւճահիթ Ենթիւր, նաեւ ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի եւ Շիշլի գաւառակի ղեկավարներ: Հիւրերը վարժարանի մուտքին դիմաւորուեցան Մխիթարեան հայրերու՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէնի եւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի, հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլուի, ատենապետ Արման Գամառի գլխաւորութեամբ Մատակարար մարմնի անդամներու, վարժարանի լիկէոնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանի, միջնակարգի տնօրէնուհի Էլտա Գարակէօզեանի, նախակրթութեան տնօրէնուհի Քաթիա Վարկըի, ուսուցչաց կազմէն ներկայացուցիչներու եւ Ծնողաց միութեան անդամներու կողմէ: Իսկ իֆթարի սեղանին համայնքէս հրաւիրուած էին Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, հիւրաբար քաղաքս գտնուող Տքթ. Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Թոփալեան, Պատրիարքարանի անունով՝ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Շիշլիի քաղաքապետի խորհրդական Սիրան Սուրքի, Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ, նաեւ Մխիթարեան սանուց միութենէն ներկայացուցիչներ:
Երեկոյթին հանդիսավարն էր վարժարանի թրքերէնի ուսուցչուհի Իլքնուր Պարան: Սկիզբին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան եւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու: Երեկոյթի տեւողութեան պատշաճ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ Ծնողաց միութեան անդամներուն կողմէ, որոնք հիւրերուն յանձնեցին նաեւ խորհրդանշական յուշանուէրներ: Ներկաներուն ուղղեալ իր խօսքը արտասանեց նաեւ Զէքիեան Գերապայծառը: Իսկ երեկոյթի աւարտը բնորոշուեցաւ Օրհան Էրտէմի ելոյթով:
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024