ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի պաշտօնական ընդունարանին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Քաղդէացի կաթոլիկ համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Ռամզի Կարմօ Եպիսկոպոսը, որուն կ՚ընկերանար Հայր Ռեմզի Վրդ. Տիրիլ։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Պատրիարքարանի Միջեկեղեցական յարաբերութեանց տեսուչ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։

Սոյն այցելութիւնը քաղաքավարական բնոյթ ունէր։ Երկու հոգեւոր առաջնորդները հանդիպման ընթացքին անդրադարձան իրենց համայնքներու առօրեային եւ եկեղեցական առաքելութեանց մասին։ Այս առումով յատկապէս զրուցեցին գաղթականաց ի նպաստ կատարուած մարդասիրական առաքելութեանց մասին։ Տեղի ունեցաւ նաեւ գաղափարի փոխանակում։ Հանդիպման աւարտին Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան համար եւ բարեմաղթութիւններ ըրաւ երկու եկեղեցիներու մարդասիրական առաքելութեանց առաւել եւս զարգացման համար։

Չորեքշաբթի, Յունիս 23, 2021