ՀԱՍՏԱՏԱԿԱՄ ՄԵԿՆԱՐԿ

Երէկ յետմիջօրէին՝ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան նորակազմ Նախաձեռնարկ մարմինը Գումգաբուի մէջ գումարեց իր անդրանիկ նիստը։ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի նախագահութեամբ գումարուեցաւ ժողովը, որու ընթացքին կազմուեցաւ Նախաձեռնարկ մարմնի դիւանը։ Նորին սրբազնութիւնը Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ ժողովի սկիզբին արտասանեց աղօթք եւ իր օրհնութիւնը փոխանցեց Նախաձեռնարկ մարմնին, որուն պիտի վիճակի նոր պատրիարքի ընտրութեան ծանր պատասխանատուութիւնը։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ժողովականներուն յաջողութեան ու կարողութեան մաղթանքներ յղեց, որպէսզի ի կատար ածուին ընտրութեան աշխատանքները։

Աւելի վերջ Նախաձեռնարկ մարմինը կազմեց իր դիւանը։ Ինչպէս Պատրիարքարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցին մէջ նշուած է, դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու։ Փոխ-ատենապետ եղաւ Սարգիս Չավուշեան։ Ատենադպրի պաշտօնը յանձնուեցաւ Սելինա Տողանին, իսկ փոխ-ատենադպիր եղաւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Գանձապետի պաշտօնը վստահուեցաւ Սարվէն Սէրթշիմշէքին։ Մամլոյ բանբերն ալ եղաւ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան։

Հարկ է նշել, որ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի անգործութեան մատնուած ու վախճանած վերջին շուրջ տասնմէկ տարուայ ժամանակաշրջանին համայնքային կեանքէն ներս արդէն երրորդ անգամ պաշտօնի կը կոչուի նախաձեռնարկ մարմին մը։ Այժմու կազմի ատենապետը ընտրուած Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու նախորդ երկու խումբերուն ալ անդամակցած էր։ Շուրջ երկու տարի առաջ կազմուած եւ աւելի վերջ լուծարուած նախաձեռնարկ մարմնին մէջ ալ ան եղած էր փոխ-ատենապետ։ Աւելի առաջ ալ հաղորդած էինք, որ նորակազմ Նախաձեռնարկ մարմինը համատեղած է մեր համայնքի թէ՛ փորձառու դէմքերը եւ թէ երիտասարդ տարրերը։

Նորակազմ Նախաձեռնարկ մարմնի դիւանի ձեւաւորման զուգահեռ՝ 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի ծիրէն ներս պետական իշխանութիւններն ալ կ՚իրազեկուին հերթական անգամ։

Երբ Նախաձեռնարկ մարմինը կազմած է իր դիւանը ու պատրաստ է լիարժէք գործունէութիւն ծաւալելու՝ համայնքային շրջանակներն ալ այլեւս կ՚ակնկալեն աւելի գործնական քայլեր։ Այս գործընթացի շարունակութիւնը կ՚ենթադրէ բազմակողմանի աշխատանք եւ Նախաձեռնարկ մարմինը երէկուան դրութեամբ արդէն հաստատակամ մեկնարկ մը ըրած է։ Երէկուան առաջին ժողովի լոյսին տակ յայտնի կը դառնայ, որ հսկայական աշխատանք մը պէտք է տարուի  մեր եկեղեցիներու ընտրացուցակներու այժմէականացման ու կատարելագործման նպատակով։ Վստահաբար, յառաջիկայ շրջանին Նախաձեռնարկ մարմինը այս ուղղութեամբ աւելի մանրամասն կը լուսաբանէ համայնքային շրջանակները եւ օրակարգի վրայ կը բերէ շօշափելի առաջարկներ։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Նախաձեռնարկ մարմնի երէկուան անդրանիկ ժողովին ժամանակ պատրիարքական ընտրութեան հաւանական ժամկէտներուն շուրջ յստակ խօսակցութիւններ չեն եղած եւ ստոյգ վարկածներ օրակարգի վրայ չեն բերուած։ Յամենայնդէպս, որոշ անդամներու ենթադրութիւնն է, որ մինչեւ տարեվերջ տեղի կրնայ ունենալ պատրիարքական ընտրութիւնը եւ շատ հաւանական կը նկատուի դեկտեմբեր ամիսը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2019