ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Չորս լեզու, չորս մշակոյթ» անուանումով համերգ մը, որու ծրագրի առանցքը կազմեցին Այգուն Պուտաքի եւ Էզկի Զիւմրէ Թաշքընի կատարումները։ Մասնակիցներուն տեսակէտէ շատ հաճելի ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու աւարտին յիշատակներ յանձնուեցան արուեստագէտներուն։ 

Շաբաթ, Յուլիս 23, 2022