ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՌՈՊՈԹԻՔԻ ԽՈՒՄԲԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Կեդրոնական վարժարանի աշակերտները վերջերս փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեցին «Solve For Tomorrow» ծրագրի շրջանակին մէջ։ «Samsung»ի եւ «Habitat» միութեան կողմէ կազմակերպուած էր այս ծրագիրը։ Առաջին անգամ ամբողջ Թուրքիոյ ընդգրկումով նախատեսուած այս ծրագրին 250 խումբ մասնակցեցաւ։ Կեդրոնականի Ռոպոթիքի խումբը նուաճեց երկրորդ կարգը։ Այս փայլուն յաջողութեան շնորհիւ տղաքը ստացան նուէրներ, նաեւ դրամական պարգեւ։
«Solve For Tomorrow»ը միջգիտաճիւղային նախագիծ մըն է, որ կը ներառէ գիտութեան, թեքնոլոժիի, ուսողութեան եւ ճարտարագիտութեան բնագաւառները։ Այդ բոլորի համադրութիւնով կը հետապնդէ՝ աշակերտներու կողմէ առօրեայի մէջ թեքնոլոժիի եւ ճարտարագիտութեան աշխոյժ ձեւով ու գործնականօրէն օգտագործումը։ Առաջին անգամ կազմակերպուած այս նախագծի հիմնական առանցքներն էին՝ կլիմայի տագնապը, վերականգնուող ուժանիւթը, թափօններու կառավարումը եւ բանիմաց քաղաքները։ Մարտ ամիսէն ի վեր ընթացքի մէջ է այս ծրագիրը։ Ընդհանուր առմամբ երեք փուլով կեանքի կոչուած է աշխատանքը։ Կեդրոնականի Ռոպոթիք խումբը յաջողած է որակաւորման փուլը յաղթահարել եւ կիսաեզրափակիչ փուլին ծրագրաւորման առանցքով մտայղացումներու աշխատանոցին մասնակցութիւն բերելով՝ գաղափարներ հասունցնելու հնարաւորութիւն գտած է։
Կեդրոնականցիները այլ տասն խումբի հետ բարձրացած են աւարտականի եւ ներկայ շաբթուայ ընթացքին հեղինակաւոր դատակազմի մը առջեւ ներկայացուցած են իրենց ծրագիրը։
Ալէն Թաշճըօղլուի կողմէ գլխաւորուած Կեդրոնականի Ռոպոթիքի խումբին մէջ էին Այգ Եուսուֆ Կէօրալ, Արտա Քափլան, Արարատ Չալըշ, Արիանա Ավճը եւ Ալեքս Մաշալ։
Կեդրոնականցիներու կողմէ ներկայացուած ծրագիրը դատակազմի բարձր գնահատանքին արժանացած է՝ ծրագրաւորեալ թեքնոլոժիք լուծումներով հասարակութեան ու շրջակայ միջավայրի զարգացման ի նպաստ դրական ազդեցութիւնը։
Այս առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Կեդրոնականի Ռոպոթիքի խումբը, որու անդամներուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։