ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻՆ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ մը։ Կա­յա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 50-ա­մեայ յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին զու­գա­դի­պած յատ­կան­շա­կան ե­րե­կոյթ մըն էր այս մէ­կը, ո­րու ըն­թաց­քին ո­գե­կո­չուե­ցաւ հաս­տա­տու­թեան հիմ­նա­դի­րը՝ հո­գե­լոյս Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուս­տեան։ Ե­րե­կոյ­թին նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ներ­կայ էին Կղզեաց հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Կղզեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Լե­ւոն Շա­տեան, Կազ­դուր­ման կա­յա­նի խնա­մա­տար մարմ­նի ա­տե­նա­պետ Ար­թին Քի­լէ­ճի եւ իր ըն­կեր­նե­րը, տնօ­րէ­նու­հիի Թա­մար Ներ­կիզ, կա­յա­նի սա­ներ եւ կղզեբ­նակ մշա­կու­թա­սէր­ներ։

Թա­մար Ներ­կի­զի ող­ջոյ­նի խօս­քով սկսաւ յայ­տա­գի­րը, ո­րու պատ­րաս­տու­թեան ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տանք տա­րած էր յայտ­նի ա­րուես­տա­գէտ Ա­րամ Կոս­տա­նեան։ Ե­րե­կոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան կա­յա­նի սա­նե­րը հան­դէս ե­կան խմբերգ­նե­րով, ու­րա­րա­կիր Հրանդ Չիզ­մէ­ճեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ եւ Սի­րուն Սի­րու­նեա­նի նուա­գակ­ցու­թեամբ։

Հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու, ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու, մտա­ւո­րա­կան­նե­րու եւ գրչի մշակ­նե­րու կող­մէ զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով բե­րուած վկա­յու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ՝ կա­յա­նի սա­նե­րը թա­տե­րակ­նե­րու ձե­ւա­չա­փին մէջ դրուագ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին հո­գե­լոյս պատ­րիար­քի կեան­քէն։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հուսկ բան­քով եզ­րա­փա­կուե­ցաւ ե­րե­կոյ­թը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը նշեց, որ յատ­կան­շա­կան ո­գե­կոչ­ման հան­դի­սու­թիւն մը ե­ղած է այս մէ­կը, ո­րով­հե­տեւ հան­գու­ցեալ պատ­րիար­քը վեր­յի­շուած է իր իսկ կող­մէ հիմ­նադ­րուած հաս­տա­տու­թեան մը եր­դի­քին տակ։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան գնա­հա­տեց ձեռ­նար­կի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, Ա­րամ Կոս­տա­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2016