ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին մէջ առաջնահերթութիւնները հետզհետէ կը յստակենան։ Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ առաւօտ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը։ Այս առթիւ Գումգաբուի մէջ համախմբուեցան Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներն ու մեր համայնքային մարմիններու կամ թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչները։ Ժողովին նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էին Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Կրօնական ժողովի անդամներէն Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Նախաձեռնարկ մարմնի ատենադպիրներէն Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

Ժողովը սկսաւ աղօթքով, որու սկիզբին ամփոփ խօսքով մը հանդէս եկաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Այս առթիւ նորին սրբազնութիւնը յիշեցուց, որ արդէն երեք շաբաթ անցած է յաչս պետութեան կատարուած դիմումէն ի վեր, որպէսզի պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութիւնը ուղարկուի։ Ան բացատրեց, որ երբ պետութեան կողմէ կանոնադրութիւնը հասնի, ապա ամէն ինչ պիտի արագանայ, սակայն, ընտրական գործընթացը արդէն սկիզբ առած է պաշտօնապէս։ Այս կէտին վրայ տեղապահը մատնանշեց, որ Անգարայի մէջ վերջերս Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու եւ փոխ-ատենապետ Սարգիս Չավուշեան հանդիպում մը ունեցած էին Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ։ «Հիմա վերացականէն կ՚անցնինք դէպի շօշափելին։ Միս ու արիւն կը ստանայ գործընթացը։ Մինչ այդ, պէտք է աշխատինք՝ մեզի վիճակած պարտականութիւններուն, տան պարտականութիւններուն ուղղութեամբ՝ մինչեւ որ հասնի կանոնադրութիւնը», ըսաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Աւելի վերջ Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու եւ գանձապետ Սարվէն Սերթշիմշէք մանրամասն բացատրութիւններ տուին 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան յառաջիկայ փուլերուն, ընդհանուր առմամբ, ճանապարհային քարտէսին շուրջ։ Այսպէս, Նախաձեռնարկ մարմինը կը նախատեսէ կեդրոնաձիգ համակարգով մը ընթանալ յառաջ։ Մինչ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու այդ համակարգի հետապնդած նպատակներուն շուրջ ծանօթութիւններ տուաւ ներկաներուն, Սարվէն Սերթշիմշէքն ալ կանգ առաւ թեքնիկ ենթագետնի մանրամասնութիւններուն վրայ։ Ամփոփ գիծերու մէջ այստեղ նպատակը հետեւեալն է. ընտրութիւններու սեմին մեր համայնքի առաւելագոյն չափով անդամները ցուցակագրել եւ շնորհիւ առցանց դրութեան մը հաստատման՝ ընտրութեան օրը կանխել կրկնակի քուէարկութիւնները եւ երաշխաւորել ընդհանուր վերահսկելիութիւնը։

Ճիշդ է, որ ներկայիս երբ կանոնադրութիւնը չէ հասած պետութենէն՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մէջ կան որոշ հարցականներ, սակայն Նախաձեռնարկ մարմնին տրամաբանութիւնը կ՚երթայ առաւելագոյնս ժամանակ շահելու ուղղութեամբ։ Արդարեւ, անկախ պետութենէն հասնելիք կանոնադրութեան բովանդակութեան լոյսին տակ յստականալիք մանրամասնութիւններէն՝ այս պահուն վիթխարի աշխատանք մը կը սպասէ մեր համայնքին։ Սա այնպիսի աշխատանք մըն է, որ կանոնադրութեան բովանդակութիւնը ինչ որ ալ ըլլայ, ի զուր դառնալու որեւէ ռիսք չունի։ Հետեւաբար, Նախաձեռնարկ մարմինը մեր համայնքային կամ թաղային մարմիններու համագործակցութիւնը, զօրակցութիւնը կ՚ակնկալէ այս փուլին։ Այստեղ ակնկալուածը հնարաւորինս կատարելագործուած ու արդիական ընտրացուցակներու պատրաստութիւնն է։ Արդարեւ, մեր համայնքէն որքան բարձր համեմատութեամբ մարդիկ ընդգրկուած ըլլան ընտրացուցակներուն մէջ, ապա այնքան բարձր համեմատութեամբ պիտի ցոլանայ մեր ժողովուրդին կամքը։ Իսկ կանոնադրութեան սպասումով պայմանաւորուած հանգամանքներու պարագային կ՚ակնկալուի ընդհանուր բարեացակամութեան մթնոլորտի մը ստեղծուիլը։ Եթէ մեր համայնքէն ներս կարելի ըլլայ այդ ընդհանուր բարեացակամութեան հասարակաց յայտարարին վրայ ստեղծել շարժում մը, ապա ընտրողներու ցուցակագրման հարցին մէջ պիտի արձանագրուին լուրջ յաջողութիւններ։

Երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին կարգ մը նիւթերու պարագային ի յայտ եկան յստակ ժամկէտներ։ Այսպէս, Նախաձեռնարկ մարմինը կ՚ակնկալէ, որ իւրաքանչիւր թաղէ ներս (թաղերը յաջորդ քայլափոխին արդէն պիտի վերածուին ընտրատեղամասի մը) ընտրացուցակները աստիճանաբար յանձնուին իրեն։ Արդարեւ, Նախաձեռնարկ մարմինը ներկայիս ունի մեր համայնքի ընտրողներու իր ցուցակը, սակայն թաղերէ հասնելիք տուեալները կը համարուին աւելի հաւաստի կամ ձեւով մը աւելի արժանահաւատ։ Ուստի, բաղդատական աշխատանք մը պիտի կատարուի թաղերէ հասնելիք ընտրացուցակներուն եւ Նախաձեռնարկ մարմնի ցուցակներուն միջեւ։ Կրկնութիւնները պիտի մաղուին համատեղ աշխատանքով եւ այս ամէնը համակարգչային մթնոլորտի մէջ տեղի պիտի ունենայ։ Ուստի, Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ խնդրանք ներկայացուց, որպէսզի յառաջիկայ մէկ շաբթուան ընթացքին իւրաքանչիւր թաղէ ներկայացուցիչ կամ համակարգող անուն մը տեղեկացուի իրեն։ Գործընթացի շարունակութեան այդ անձի եւ Նախաձեռնարկ մարմնի համատեղ աշխատանքով պիտի կատարելագործուին տուեալ ընտրաշրջանի ընտրողներու ցուցակները։ Ի պատասխան խորհրդակցութեան մասնակից կարգ մը համայնքային վարիչներու մտահոգութիւններուն՝ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին ընդգծեցին, որ այս աշխատանքը որեւէ ձեւով պիտի չհակասէ անհատական տուեալներու խորհրդապահութեան սկզբունքին եւ համապատասխան օրէնսդրութեան։ Այս հարցերու պարագային բոլոր մանրամասնութիւնները հաշուի առնուած են ամենայն նախանձախնդրութեամբ։

Երէկ յստակեցած միւս ժամկէտն ալ կը վերաբերէր տեղական ընտրական մարմիններու ձեւաւորման։ Այսպէս, Նախաձեռնարկ մարմինը կ՚ակնկալէ, որ մինչեւ 6 սեպտեմբեր ընտրական տեղական մարմինները ձեւաւորուին։ Այդ մարմինները առնուազն երեք հոգիէ պիտի բաղկանան եւ ըստ թաղի բնակիչներու ներուժին, պիտի կարենան աւելի բազմանդամ ըլլալ։ Այս որոշումը անշուշտ պիտի վիճակի թաղերու մատակարար մարմիններուն, այսինքն՝ թաղային խորհուրդներուն, որոնց նախաձեռնութեամբ պիտի ստեղծուին տեղական ընտրական մարմինները։

Խորհրդակցութեան ընթացքին Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու որոշ մանրամասնութիւններ ալ ներկայացուց դէպի Անգարա այցելութեան շուրջ։ Իր փոխանցած տեղեկութիւնները ընդհանրապէս ցարդ մամուլին մէջ լոյս տեսած մանրամասնութիւններու սահմաններուն մէջ մնացին։ Յամենայնդէպս, Անգարայի մէջ ալ ընտրացուցակներու կատարելագործման հրատապ խնդիրը եկած է օրակարգի վրայ։ Բայց եւ այնպէս, այս կարեւոր հարցին առընթեր համայնքային շրջանակները հետզհետէ ուշադրութիւն կը կեդրոնացնեն պատրիարքական հաւանական թեկնածուներու նիւթին վրայ։ Այս հարցը երէկ ուղղուեցաւ նաեւ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի։ Սա նուրբ խնդիր մըն է, որովհետեւ համայնքային շրջանակները ներկայիս վերջնականօրէն կ՚ուզեն գիտնալ, որ արտասահմանի թեկնածուները պիտի կարենա՞ն ընտրութեան մասնակցիլ, թէ՞ ոչ։ Այս կէտը պատասխանի սպասող հիմնական խնդիրներէն մին է եւ նախընտրական գործընթացի հաւասարակշռութիւններն ալ պիտի բնորոշէ բնականաբար։ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու այս բոլորին կապակցութեամբ տուաւ բաւական զուսպ պատասխան մը։ Ան յայտնեց, որ իրենք առաւել չափով տեղեակ են, թէ ինչ բովանդակութեամբ կանոնադրութիւն մը պիտի ուղարկուի պետութեան կողմէ, սակայն թեկնածուներու կամ արտասահմանի թեկնածուներու պարագային յարաբերաբար աւելի ժլատ էր։ Անգարայի մէջ ան թէեւ քննարկումներուն ժամանակ յայտնած է իր անձնական դիրքորոշումը, ըստ որու թեկնածութիւններու պարագային սահմանափակումներ պէտք չէ ըլլան, սակայն նախընտրեց աւելի չխորանալ այս նիւթին մէջ։ Ըստ Քէօլէդաւիթօղլուի, պատրիարքական թեկնածուներու պարագային կայ պետութեան վստահութեան արժանի ըլլալու չափանիշը եւ պետութիւնը անպայման կրնայ միջոց մը գտնել՝ իր վստահութեան առարկայ թեկնածուներով ընտրութեան մը կազմակերպումը ապահովելու համար։ Անշուշտ, այս հարցման պատասխանը պիտի յստակենայ աստիճանաբար։

Խորհրդակցութիւնը եզրափակուեցաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի արձակման աղօթքով։ 

Ուրբաթ, Օգոստոս 23, 2019