ՄԱՀ՝ ԱՅՏԱ ԱԲԳԱՐԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի իսկապէս տիրական եւ ազնուական դէմքերէն Այտա Աբգարեան, որ այնքան մեծ յարգանք, սէր ու համակրանք կը վայելէր ընկերային շրջանակէն ներս։ Այտա Աբգարեան եզակի ներկայացուցիչներէն մին էր իր սերունդին, որու անդամները իսկապէս բարդ ժամանակներուն եւ իսկապէս բարդ պայմաններու ներքեւ եղան իրենց ընտանիքներուն անխախտ սիւնը եւ որպէս գորովագութ մայր՝ հասցուցին զաւակներ, որոնք ալ, իրենց հերթին, յաջորդ քայլափոխին ջանք չխնայեցին ազգային-եկեղեցական կեանքի կենսունակութեան համար։ Այտա Աբգարեան հարուստ աւանդութիւններով, հայկական նահապետական ընտանիքին բնորոշ միջավայրի մէջ հասած եւ նոյն միջավայրով ալ իր բոյնը կազմելով խոր ծերութեան հասած տիպար անձնաւորութիւն մըն էր։ Այսօր իր կորուստով թրքահայ կեանքէն ներս կաղնի մը եւս տապալած կը համարուի, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի երկնակամարէն կը սահի փայլուն աստղ մը, որու լոյսը երկար ժամանակ ճառագայթած էր՝ որպէս սէր, զոհողութիւն եւ նուիրում իր ընտանիքի անդամներու եւ սիրելիներու շրջանակի սրտերուն մէջ։
Նորոգ հանգուցեալ Այտա Աբգարեան կողակիցն էր բարեյիշատակ բժիշկ Մինաս Աբգարեանի, որ եւս իր սերունդի եզակի եւ անմոռանալի ներկայացուցիչներէն մին եղած էր եւ այսօր շատեր կը շարունակեն երանութեամբ յիշել զինքը ու խոնարհիլ անոր անթառամ ու քաղցր յիշատակին առջեւ։ Այտա Աբգարեան եւ իր ամուսինը՝ տքթ. Մինաս Աբգարեան ամբողջ կեանք մը ներդրած էին հասցնելու եւ խնամելու համար նա՛խ իրենց զաւակները, ապա ալ՝ իրենց թոռներն ու ծոռները։ Հոգելոյս Այտա Աբգարեան մայրն էր յայտնի բժիշկ Գէորգ Աբգարեանի, որ շուրջ հինգ տասնամեակէ ի վեր Ֆրանսա հաստատուած է եւ ֆրանսահայ բժիշկներու մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն մղիչ ուժերէն է՝ Հայաստանի մէջ կեանքի կոչուած բազում ծրագրերով հանդերձ։ Հոգելոյս Այտա Աբգարեանի դուստրն ալ՝ Արուսեակ Տիւյմէճի կողակիցն է նոյնպէս յայտնի բժիշկ Էմիլ Տիւյմէճիի։ Այտա Աբգարեան բժիշկներու այս ընտանիքին մէջ արդէն կը մարմնաւորէր թէեւ ոչ մասնագիտական առումով, սակայն մարդկային առաքինութիւններու տեսակէտէ գերագոյն կէտ մը, ուր կը բիւրեղանային բոլորին նկատմամբ անխտիր սէրը եւ մայրական ջերմ զգացումներու անսակարկ հովանին։
Հոգելոյս Այտա Աբգարեան մայրական սիրոյ եւ գուրգուրանքի դրսեւորումներուն անբաժանելի տարրը դարձուցած էր՝ իր զաւակներուն կրթութեան խրախուսումը։ Ան հետամուտ էր անոնց համար միայն դպրոցին տուածով չգոհանալու եւ ընտանեկան դաստիարակութիւնը հաւասարազօր կը համարէր։ Ազգային արժէքներու, տոհմիկ ապրումներու մեծ ջատագով մըն էր եւ իր կենցաղին մաս կը կազմէր նաեւ հայ մամլոյ նկատմամբ զգայնութիւնը։ Ան ո՛չ միայն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բազմամեայ ընթերցող մըն էր, նաեւ թերթիս ընտանիքի վաղեմի բարեկամուհիներէն մին, որ իր ընտանեկան յարկէն ներս հայ թերթին ներկայութիւնը կը համարէր անհրաժեշտ եւ անփոխարինելի։
Դիւրահաղորդ եւ համեստ բնաւորութեամբ, չափազանց հիւրասէր եւ ուրիշներու նկատմամբ միշտ պատրաստակամ անձնաւորութիւն մըն էր Այտա Աբգարեան, որու կորուստը թէեւ անժամանակ չի համարուիր, սակայն, ան ընտանեկան եւ ընկերային իր շրջանակէն ներս այնքան վառ ներկայութիւն մըն էր, որ իսկապէս դժուար է համակերպիլ իր մահուան, հաշտուիլ իր հրաժեշտի գաղափարին հետ։ Ինչպէս իր ընտանիքը, այնպէս ալ իր ամբողջ ընկերային շրջանակը առկայ ծանր պահուն կը սգան Այտա Աբգարեանի կորուստը ու կ՚աղօթեն անոր յաւիտենական նենջի խաղաղութեան, հոգւոյն հանգստութեան համար։ Յառաջացած տարիքին բերումով վերջին տարիներուն ան թէեւ հիւծուած էր, յաճախ բժշկական խնամքի տակ կ՚առնուէր, զգալիօրէն տկարացած էր, սակայն, այդ բոլորով հանդերձ, իր ընտանիքն ու սիրելիները բառին բուն իմաստով ցնցուած են եւ վրայ հասած է իր վախճանը։ Յուղարկաւորութեան ընդառաջ իր հարազատներն ու սիրելիները կ՚աղօթեն, որ Բարձրեալը երկնային անթառամ պսակներուն արժանացնէ իր հոգին։
Յուղարկաւորութեան վերաբերեալ տուեալները պիտի հրապարակուին ընտանեկան մահազդով։
Բի՜ւր յարգանք եւ անկեղծ խոնարհում իր անթառամ յիշատակին։ Այս տխուր առթիւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք տքթ. Էմիլ եւ Արուսեակ Տիւյմէճի ամոլին, տէր եւ տիկին տքթ. Գէորգ Աբգարեանին, թոռներուն, ծոռներուն, համայն ընտանիքին եւ սիրելիներուն։